Որոնել

2023.06.29 Pietro e Paolo

Քահանայապետը կասեցուց Բարի Սամարացի եւ Խաղաղութիւն ու Արդարութիւն Հիմնադրամները ու ստեղծեց «Վան Թուան» հիմնարկը

Նորին Սրբութեան հրամանագիրը ուժի մէջ մտնէ 25 Յուլիս 2023ին Osservatore Romano-ի և Acta Apostolicae Sedis-ի մէջ պաշտօնական հրապարակմամբ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Միքայէլ Չերնի կը տեղեկացնէ, թէ Սրբազան Քահանայապետը անցեալ 3 Յուլիս 2023ին իրեն շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին` Եկեղեցական կանոնական օրէնսդրութեան 120րդ յօդուածի թիւ մէկ պարբերութեան հիման վրայ, որոշած է ջնջել Բարի Սամարացի եւ Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն հիմնադրամները ու անոնց տեղ հաստատել Վան Թուան հիմնարկը, Կարդինալ Չեռնիին յանձնելով անոր կանոնադրութեան շարադրումը։

Նոյն ունկնդրութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հրահանգած է որ Բարի Սամարացի եւ Արդարութիւն ու Խաղաղութիւն հիմնադրամներու մնացորդային ժառանգութիւնը փոխանցուի նորաստեղծ «Վան Թուան» Հիմնարկին։

Նորին Սրբութիւնը հաստատած է նաեւ, որ հրամանագիրը ուժի մէջ  կը մտնէ 25 Յուլիս 2023ին Osservatore Romano-ի և Acta Apostolicae Sedis-ի մէջ պաշտօնական հրապարակմամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2023, 12:54