Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պենթոլօ անունով գաղթական մը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պենթոլօ անունով գաղթական մը  (© Nello Scavo - Avvenire)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց բռնութենէ եւ նաւաբեկութենէ փրկուած Պենթոլօ անունով փախստական մը

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Mediterranea Saving Humans բարեսիրական ընկերակցութենէն պատուիրակութիւն մը։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Քամերունէն Լիպիա գաղթած ապա նաւով Իտալիա փոխադրուած Պենթոլօ անուան փախստական մը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 21 յուլիսին, առաւօտեան, Վատիկանի Սանթա Մարթա տան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ առանձնական հանդիպում ունեցաւ Քամերունէն Լիպիա գաղթած ապա նաւով Իտալիա փոխադրուած Պենթոլօ անունով փախստական մը, որուն ընկերացած է Mediterranea Saving Humans ընկերակցութենէն պատուիրակութիւն մը, լուրը հաղորդեց, վերոյիշեալ բարեսիրական ընկերակցութեան մատրանապետ, Հայր Մաթթիա ֆեռարին հրապարակելով հանդումէն առնուած լուսանակար մը իր դիմատետրին էջին մէջ։

Հայր ֆեռարիին տեղեկութիւններուն համաձայն երիտասարդ Պենթոլոն, պատանդ բռնուած էր Լիպիոյ մէջ մարդավաճառներուն կողմէ ապա վաճառուած է Պետութեան պահակներուն, որոնք զինք Զավիա քաղաքին բանտ տարած են, որ կը գտնուէր Al-Nasr բանակին հսկողութեան տակ։

Բանտին մէջ Քամերունցի Պենթոլոն ծանօթացած եւ հանդիպած է ուրիշ քրիստոնեայ գաղթականներու հետ, որոնցմէ շատեր արդեն մահացած են ամիսներ շարունակ խոշտանգումներուն պատճառաւ։

Լիպիայէն Պենթոլոն կարողացած է կապ պահել որոշ իրաւապաշտպաններու հետ զրուցելով անոնց հետ բանտարկեալներուն կողմէ թաքնուած հեռաձայնի  միջոցաւ։ Պենթոլոն իրաւապաշտպաններու միջոցաւ կարողացած է ծանօթացալ Հայր Մաթթիա Ֆեռարիին, խնդրելով անորմէ որ մխիթարութեան խօսք յղէ մահուան սեմի գտնուող երիտասարդներուն։ Հայր Մաթթիա Հեռաձայնի միջոցաւ կրցած է ընկերանալ ու աղօթել փախստական երիտասարդներու հետ։

Հանդիպումի ընթացքին Պերթոլոն ողջագուրելով Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնած է, թէ արդեն ինքզինք բժշկուած կը զգայ ու անհամբեր կը սպասէր այս հանդիպումին համար։ Նորին Սրբութեան ձեռքը բռնելով Պերթոլոն Ֆրանչիկսոս Պապին վստահեցուցած է թէ կապի մէջ պիտի մտնէ Լիպիոյ մէջ գտնուող գաղթականներու ու անոնց պիտի փոխանցէ Քահանայապետին օրհնութիւնը։

Մատրանապետ, հայր Ֆեռարին ապա նշեց, թէ ֆրանչիսկոս Պապ ոչ միայն ուզած է հանդիպիլ Քամերունցի երիտասարդին հետ, այլ իսկապէս մտիկ ըրած է անոր փորձառութեան եւ փափաքներուն։ Նորին Սրբութիւնը մեծապէս տպաւորուած է այն իրողութեան համար, որ Պենթոլոն Իտալիա հասնելէ ետք շարունակած է սիրել ու կողքին կենալ Լիպիոյ մէջ դժուարութեան մէջ գտնուող իր ընկերներուն։

Ի վերջոյ Հայր Ֆեռարին յայտնեց, թէ Հանիդպումի ընթացքին փախստական Պերթոլոն Ֆրանչիսկոս Պապին հետ զրուցած է Լիպիոյ եւ Թունիզի մէջ բազմաթիւ գաղթականներուն ապրած անմարդկային իրավիճակի մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2023, 12:57