Որոնել

Pope Francis meets with Prime Minister of Uganda Robinah Nabbanja at the Vatican

Ուկանտայի Վարչապետ Տիկ Ռոպինա Նապպանժայի այցը Վատիկան

Տիկ Նապպանժա երէկ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ իսկ այսօր Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին ու Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի հետ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երկուշաբթի 24 Յուլիս 2023ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Ուկանտայի հանրապետութեան Վարչապետ` Տիկ Ռոպինա Ռապանժային, որ ապա այսօր` 25 Յուլիս 2023ին, հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր»։ Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ ուր նաեւ նշուած է, թէ «Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած զրոյցներու ընթացքին, շեշտուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Ուկանտայի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւնները, ընդգծելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Երկրէն ներս ունեցած դերակատարութիւնը»։

«Առիթը բարենպաստ հանդիսացաւ նաեւ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող թեմաներու քննարկման և տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակի շուրջ մտքերու փոխանակութեան համար» գրուած է միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

Յայտնենք թէ Սրբազան Քահանայապետին եւ Ուկանտայի Վարչապետին միջեւ երկուշաբթի օր տեղի ունեցած հանդիպումը տեւած է գրեթէ քսան վայրկեան, որուն ընթացքին Սրբազան Պապը տպաւորուած մնացած է` Ուկանտայի իշխանութիւններու կողմէ ցուցաբերուած ընդունելութեան համար` ոչ միայն ափրիկեան տարածաշրջանէն, այլեւ Կենտրոնական Ասիայի երկիրներէն եկող գաղթականներու և փախստականներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2023, 12:31