Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ան որ կը կարծէ թէ մեծ է երբեք չկրնար հասկնալ Աստուծոյ սէրը»

Փոքրիկները, գիտեն ընդունիլ Աստուծոյ գործերը ու Յիսուս Հօր շնորհակալութիւն կը յայտնէ փոքրիկներուն համար ըսելով «Քեզ կ՝օրհնեմ, որովհետեւ երկինքի արքայութիւնը յայտնեցիր փոքրիկներուն»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 9 յուլիսին, կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած բազմաթիւ հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Առաքելական պալատին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ու մեկնաբանեց օրուան աւետարանը։

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութեան սկիզբը մէջբերեց օրուան Մատթէոսի Աւետարանին մէջ նշուած, Յիսուսի Հօր բարձրացուցած աղօթքը որուն մէջ Յիսուս կ՝ըսէ «Շնորհակալ եմ քեզի, Հայ՛ր, Տէր երկինքի եւ երկրի որ այս բաները ծածկեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն եւ յայտնեցիր մանուկներուն։ (Մատթ 11,25)։

Նորին Սրբութիւն անդրադառնալով օրուան աւետարանի հատուածին հարց կու տայ, թէ Յիսուս ի՞ նչ բանի մասին է, որ կը խօսի եւ որոնք ենք այդ փոքրիկները, որոնց յայտնուեցան այդ բաները։ Այս առումով Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց կեդրոնանալ այն բաներուն վրայ, որոնց համար Յիսուս Աստուծոյ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ ու փոքրիկները զանոնք կ՝ընկալեն։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ որ Յիսուս այսօրուան աւետարանին մէջ կը յիշէ իր գործերէն մաս մը. «Կոյրերը կը տեսնեն, բորոտները կը մաքրուին, աւետարանի աղքատներուն կը քարոզուի» (Մատթ 11,5) ու կը յայտնէ անոնց իմաստը, նշելով որ անոնք ախարհին մէջ Աստուծոյ գործին նշանն է։

Աստուծոյ մեծութիւնը

«Աստուած կը յայտնուի ազատելով եւ բժշկելով մարդը, անշահախնդիր սէրով որ կ՝ազատէ։ Ասոր համար Յիսուս շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր Հօր, Անոր մեծութեան համար, որ կը կայանայ սիրոյ մէջ եւ որ երբեք չգործեր սէրէն դուրս։ Աստուծոյ մեծութիւնը՝ սիրոյ մէջ հասկցուած չէ այն անձերէն, որոնք կը կարծեն թէ մեծեր են ու կը շինեն աստուած մը իրենց պատկերին համաձայն. Զօրեղ, անճկուն եւ վրիժառու։ Այդ անձերուն համար հրաշքները պարզապէս տպաւորիչ իրադարձութիւններ են, որոնք օգտակար են նորութիւններ պատրաստելու եւ բամբասանքներ բորբոքելու. Ու երբ անցողակի հետաքրքրութիւնը կ՝աւարտի զանոնք դիւանի մէջ կը դնեն, ուրիշ կարգ մը նորութեամբ զբաղելու համար։ Այդ անձերը չկրցան ընկալել Աստուծոյ մեծ բաները։», ըսաւ Սրբազան Հայրը յուսկ խօսքը կեդրոնացուց փոքրիկներուն վրայ նշեով.

Փոքրիկները

«Միւս կողմեն փոքրիկները, գիտեն ընդունիլ Աստուծոյ գործերը ու Յիսուս Հօր շնորհակալութիւն կը յայտնէ փոքրիկներու համար ըսելով «Քեզ կ՝օրհնեմ, որովհետեւ երկինքի արքայութիւնը յայտնեցիր փոքրիկներուն։ Յիսուս Աստուած կը Փառաբանէ պարզ մարդոց համար, որոնք ունին սիրտ մը, որ զերծ է ինքնահաւանութենէն, անձնասիրութենէ ։ Փոքրիկները այդ անձերը են որոնք, մանուկներուն նման կարիքաւոր եւ ոչ ինքնաբաւ կը զգան ու բաց են Աստուծոյ առջեւ եւ թոյլ կու տան զարմանալու Աստուծոյ գործերէն։ Անոնք գիտեն կարդալ Աստուծոյ նշանները ու հիանալ Անոր սիրոյ հրաշքներու համար», ըսաւ Ան։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մեր կեանքը, եթէ մտածենք, լեցուն է հրաշքներով, լի է սիրոյ ժեսթերով, Աստուծոյ բարութեան նշաններով։Անոնց դիմաց սակայն, մեր սիրտը նաեւ կրնայ անտարբեր մնալ ու դառնալ սովորամոլ, հետաքրքրուող սակայն ապշելէ ու տպաւորուելէ անկարող։ Տպաւորել գեղեցիկ բայ մըն է, որ միտքը կը բերէ լուսանկարիչի ժապաւէնը։ Ահա սա է ուղիղ կեցուածքը Աստուծոյ գործերուն դիմաց. Լուսանկարել Անոր գործերը մեր միտքերուն մէջ, որպէսզի դրոշմուին մեր սիրտին մէջ ապա զանոնք զարգացնել կեանքին մէջ բարի ժեսթերու միջոցաւ, այսպէսով, Աստուած-Սէր «Լուսանկարը աւելի լուսաւոր կը դառնայ մեր մէջ եւ մեր միջոցաւ » ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2023, 09:59

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >