Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ սպանական ֆութպոլի խումբի մը անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ սպանական ֆութպոլի խումբի մը անդամները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ «Մարզանքը արժէքները խթանելու հնարաւորութիւն»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սպանական ֆութպոլի Celta di Vigo ակումբի անդամները, ակումբին հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 10 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ֆութպոլի Celta di Vigo ակումբի անդամները, ակումբին հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով։

Պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը անդրադառնալով մարզանքի կարեւորութեան նշեց թէ «Մարզանքը պատճառ ու հնարաւորութիւն է վերագտնելու եւ խթանելու մեր հասարակութեան բազմաթիւ արժէքները» եւ այս առումով «gallego»ի ակումբի հետ իր հանդիպումը իրեն համար բան մըն է, որ կ՝արթնցնէ բազմաթիւ փորձառութիւններ, որոնք որպէս Արժանթինցի ապրած է իր մարմնին վրայ։

Սրբազան Հայրը ապա նկատել տուաւ, որ Celta di Vigo ֆութպոլի խումբի վերնաշապիկին գոյները, Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյս Մարիամի գոյներն են ինչպէս նաեւ Արժանթինի ֆութպոլի խումբի գոյները «կարծես թէ Մեր Մայրը կը ցանկանայ յայտնուիլ այս ովկիանոսի երկու ափերուն միջեւ, որոնք մեզ աւելի կը միաւորեն քան թէ կը բաժնեն, որպէսզի մենք երբեք չմոռնանք զԻնք» ըսաւ Ան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով ֆութպոլի խումբի զինանշանին, որ կազմուած է կապոյտ գոյնով վահանով մը եւ Սուրբ Ժաքոմոյին խաչով նշեց «Ըլլայ կեանքի ըլլայ դաշտին մէջ ձեր զէնքերը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ժաքոմոյին խաչը որ կը պաշտպանէ, յաղթութեան նշաններ են՝ մեկնելով հեզութենէն, խաղալով խումբի մէջ առանց վստահելու լոկ անձնական ուժերուն, հասկնալով թէ յաղթանակը բոլորին է« ըսաւ Նորին Սրբութիւն դիտել տալով որ այդ զէնքերը նաեւ վեհանձնութեամբ անձնուիրում է, ջանք չխնայելով,՝անհրաժեշտութեան պարագային մեր անձը զոհաբերելու ուրիշին համար։ «Միաժամանակ, ընդունիլ է այն իրողութիւնը, որ ուրիշ խումբերու հետ համեմատումը կը ծառայէ կատարելագործելու, սորվելու եւ մենք մեզ փորձարկելու եւ մեր խաղը գնահատելու համար» ըսաւ Ան աւելցնելով թէ այդ առումով միւս անձը, աւելի քան յարգանքի արժանի հակառակորդ մը միշտ ողջունելի բարեկամ է։ Եթէ մեր կեանքը, մեր խաղը, իրարու հետ համահունչ են պիտի տան այս օրինակը որ կարողութիւնը պիտի ունենանք փոխանցելու սէրը ոչ թէ այն գոյներուն հանդէպ, որոնք կը բացառեն, այլ սէրը այն ինչ, որ կը ներկայացնեն»

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց մարզիկներուն յանձնարարելով կարեւոր աշխատանք մը որ «Շատ յոգնեցուցիչ է սակայն պէտք է միշտ պահպանել  որ սիրողական հարթութիւնը։ Ձեր պարագային եթէ մարզանքը կորսնցնէ այս սիրողական հարթութիւնը, իմաստ պիտի չ՝ունենայ ու կը փոխակերպուի վաճառական բանի մը, առանց սէրի։» Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց պաշտպանել այս սիրողական խորհրդազգացութիւնը ու երբեք չկորսնցնել սիրողական հարթութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2023, 11:57