Որոնել

ֆրանսայի Պապ Տարեցներու հետ ֆրանսայի Պապ Տարեցներու հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը. «Մինակ չձգենք տարեցները»

Տարեցներու, Մամիկներու եւ Տատիկներուն համաշխարհային օրուան նախօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին թուիթը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Տարեցներու, Մամիկներու եւ Տատիկներուն համաշխարհային օրուան նախօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին թուիթը։

Տարեցներու, մամիկներու եւ տատիկներու համաշխարհային օրուան նախօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ 22 յուլիսին քահանայապետական թուիթրի կայքին վրայ հրապարակեց նոր թուիթ նուիրելով զայն Տարեցներուն, Մամիկներուն եւ Տատիկներուն։

Թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը յորդորէ ու կը խրախուսէ երբեք մինակ չթողելու տարեցները, նշելով որ անոնք հասարակութեան, ընտանիքներու ներքեւ թանկարժէք անձերն են ու անոնց ներկայութիւնը մեզի կը շնորհէ այն գիտակցութիւնը թէ կը կիսենք միեւնոյն ժառանգութիւնը ու մաս կը կազմենք ժողովուրդի մը որուն մէջ կը պահպանուին արմատները։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր թուիթին մէջ գրեց

“[ «Մինակ չձգենք տարեցները, անոնց ներկայութիւնը ընտանիքներու եւ հասարակութիւններու մէջ թանկարժէք է ու մեզի կը շնորհէ գիտակցութիւնը կիսելու միեւնոյն ժառանգութիւնը մաս կազմելու ժողովուրդի մը, որուն մէջ կը պահպանուին արմատները»։ ]#NonnieAnziani #laityfamilylife”

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2023, 13:27