Որոնել

Պրազիլի մէջ միջ եկեղեցական հանիդպում Պրազիլի մէջ միջ եկեղեցական հանիդպում  (CONF VESCOVI BRASILE)

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ըլլալ դուրս ելլող եկեղեցի եւ ոչ երբեք թաքնուած»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը «Պազէ» եկեղեցական հասարակութիւններուն միջ եկեղեցական 15-րդ ժողովին բացման արարողութեան առթիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Պրազիլի Ռոնտոփոլի քաղաքին մէջ, չորեքշաբթի, 18 յուլիսին բացումը կատարուեցաւ «Պազէ» եկեղեցական հասարակութիւններուն միջ եկեղեցական 15-րդ ժողովին, որ կը գումարուի մինչեւ 22 յուլիս։

Յիշեալ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն համայն Պրազիլէն Պազէ եկեղեցական հասարակութիւններու աւելի քան 1500 ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին, կրօնաւորներ, կրօնաւորուհիներ, կաթողիկէ եկեղեցւոյ կազմակերպութիւններուն եւ,քրիստոնեայ դաւանանքներու, ընկերային եւ ժողովրդային շարժումներու ներկայացուցիչներ ներառեալ բնիկ ժողովուրդներու, որոնք կը պայքարին տարածքներու պաշտպանութեան համար՝ շրջակայ միջավայրին ի վնաս շահադիտութեան բոլոր ձեւերու դէմ։

Ժողովին նպատակն է գնահատել աշխարական այր մարդոց եւ կանանց գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ մշակութային բազմազանութենէն բղող հարստութիւնը։ Ժողովին նիւթն է «Դուրս ելլող եկեղեցի»։

Յիշեալ ժողովին բացման արարողութեան առթիւ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը  պատկերասփռուած պատգամին մէջ նշեց, թէ եկեղեցին ինքզինք աւելի զօրեղ զգալու համար պէտք է, որ գետի մը նման միշտ քալէ։

«Եթէ գետին մէջ ջուրը չհոսի կը լճանայ ու կը հիւանդանայ։ Երբ եկեղեցին դուրս կ՝ելլէ կը քալէ այն ատեն աւելի ուժեղ կը զգայ», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Պրազիլի եպիսկոպոսներու ազգային համահաւաք դասին, ինչպէս նաեւ Համ Ամազոնեան եկեղեցական շարժումի կողմէ սփռուած պատկերասփռուած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց եկեղեցական հասարակութիւններու ժողովը ինչպէս նաեւ ժողովին նիւթը «Դուրս եկող Եկեղեցի» յորդորելով շարունակել աշխատիլ «Երբեք չթաքնուած» եկեղեցւոյ նպատակաւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2023, 11:57