Որոնել

Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի 

Կարդինալ Ծուփփին Պայտընին հետ զրուցեց Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի տառապանքներու եւ անչափահասներու արտակարգ իրավիճակի մասին։

Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի, Քիւեւ, Մոսկուա այցելելէ ետք ժամանեց Ուաշինկթըն, շարունակելու համար իրեն վստահուած առաքելութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան առաքելութեան համար Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ պատուիրակ, կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի, Քիւեւ, Մոսկուա այցելելէ ետք Ժամանեց Ուաշինկթըն, շարունակելու համար իրեն վստահուած առաքելութիւնը։

Երեքշաբթի, 17 յուլիսին, տեղական ժամանակացոյցով յետմիջօրէին ժամը 5ին, Ուաշինկթընի մէջ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը, Սպիտակ տան մէջ հանդիպեցաւ Միացեալ նահանգներու նախագահի Ճօ Պայտընի հետ, որուն հետ զրուցեց շուրջ երկու ժամ։

Նախագահի վարչակազմի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, թէ Նախագահ Պայտըն իր բարեմաղթանքները յայտնած է Ֆրանչիսկոս Պապին շարունակական ծառայութեան համար ու գոհունակութեամբ ողջունած է Ամերիկացի արքեպիսկոպոսի մը՝ որպէս կարդինալ նշանակումը։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Նախագահ Պայտըն կարդինալ Ծուփփիին հետ քննարկած է Սուրբ Աթոռի մարդասիրական օգնութիւններ տրամադրելու յանձնառութիւնը՝ յաղթահարելու համար Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ սանձազերծուած պատերազմէն յառաջացած բոլոր տառապանքները, ինչպէս նաեւ Վատիկանի զօրակցութիւնը, Ուքրանացի աւելի քան 19 հազար անչափահասներուն տուն վերադարձի ուղղութեամբ։

Յայտնենք, թէ Ուքրանիոյ նախագահ Վլոտիմիր Զելենսքին, անցեալ մայիս ամիս, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Սուրբ Աթոռի օգնութիւնը խնդրած է ուքրանացի անչափահասներու տուն դարձի համար ու այս կապակցութեամբ կարդինալ Ծուփփի զրուցած է Քիեւ Եւ Մուսկուա կատարած այցելութիւններու ժամանակ։

Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, Կարդինալ Ծուփփի Պայտընի հետ ունեցած հանդիպումէն առաջ այցելած է ԱմՆի ներկայացուցիչներուն պալատ ուր հանդիպումներ ունեցած է կարգ մը պատգամաւորներու հետ։

Միացեալ նահանգներու մէջ Պապական նուիրակ, նորանշանակ կարդինալ, արքեպիսկոպոս Քրիսթով ֆիէր, կարգ մը հեռուստակայններուն փոխանցած խօսքին մէջ յայտնեց, թէ կարդինալ Ծուփփիին առաքելութեան նպատակը կը կայանայ, երկխօսելու, ունկնդրելու եւ ունկնդրուելու մէջ ու նախագահ Պայտընը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Ֆրանչիսկոս Պապին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2023, 12:32