Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ղանայի հանրապետութեան նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ղանայի հանրապետութեան նախագահը  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ղանայի հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ղանայի հանրապետութեան նախագահի միջեւ հանդիպումի վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 22 յուլիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ղանայի հանրապետութեան նախագահ, տիար Նանա Ատտօ Աքուֆոն։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, Գերապայծառ Ռիչարտ Կալլակերին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ սիրալիր մթնոլորտին մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին յիշուած է Սուրբ Աթոռի եւ Ղանայի միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւնները, կեդրոնանալով երկրի քաղաքական եւ ընկերային տնտեսական իրավիճակի կարգ մը երեւոյթներու վրայ, յատուկէն կրթական եւ առողջապահական մարզէն ներս համագործակցութեան վրայ։

Հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում միջազգային ընթացիկ հարցերու շուրջ յատուկէն անդրադառնալով աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ Արեւելեան Ափրիկէի երկիրներու մէջ անվտանգութեան հարցերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2023, 13:24