Խաւար պահերու ժամանակ դիմենք Յիսուսին ու զայն ընկալենք մեր կեանքի նաւուն վրայ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 13 օգոստոսի կէսօրին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու ներկայութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով, ըստ սովորութեան, մեկնաբանեց օրուան աւետարանական ընթերցումը, զոր այս անգամ քաղուած էր Մատթէոս Աւետարանիչէն (14,22-33) ուր կը պատմուի Յիսուսին ջուրերուն վրայէն քալելու դրուագը։
«Քաջութիւն, ես եմ, մի վախնաք»
«Յիսուսին ջուրերուն վրայէն քալելու ետին կայ մեզի համար ուղղուած անուղղակի պատգամ մը» ըսաւ Քահանայապետը, բացատրելով թէ այդ ժամանակներուն ենթադրութիւններ կային, որ ջուրի մեծ տարածքները չար ուժերու հսկողութեան տակ վայրեր էին, որոնց վրայ մարդը չէր կարող գերիշխել, յատկապէս փոթորկալից պահերուն։
«Ահա այդ պահուն է, որ Յիսուս կը ժամանէ քալելով ջուրերուն վրայէն, այսինքն չարի այդ ուժերու վրայէն եւ իր աշակերտներուն կ՛ըսէ. «Քաջութիւն, ես եմ, մի վախնաք» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ Յիսուս այդ ջուրերուն վրայէն քալելով մեզի կ՛ուզէ ըսել. «Մի վախնաք ես իմ ոտքերուս տակ կը դնեմ թշնամիներդ. Ոչ թէ անձերը, անոնք թշնամիներ չեն, այլ մահը, մեղքը, սատանան, ասոնք ենք թշնամիները, զոր Յիսուս ոտնակոխ կ՛ընէ մեզի համար» նշեց Սրբազան Պապը։
Կանչել եւ հիւրընկալել Յիսուսը
«Քրիստոս այսօր եւս մեզմէ իւրաքանչիւրիս կը կրկնէ. Քաջութիւն, ես եմ, մի վախնար», … այլեւս միայնակ չես կեանքի ալեկոծ ջուրերուն մէջ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց մեր կեանքի բաց ջուրերուն մէջ նաւարկելու պահուն երբ հանդիպինք քամիին, մթութեան ու մենք մեզ զգանք կորսուած վարուինք աշակերտներուն նման` կանչենք եւ ընկալենք Յիսուսը։
Տէր փրկէ զիս
Կանչելու մասին արտայայտուելով Քահանայապետը ակնարկեց Պետրոսին որ «քիչ մը ջուրերուն վրայ քալելէն ետքը վախի կը մատնուի ու մինչ ընկղմելու վրայ է կը բացագանչէ. Տէր` փրկէ զիս»։ Գեղեցիկ է այս աղօթքը, որով կ՛արտայայտուի այն վստահութիւնը թէ Տէրը կարող է մեզ փրկել, թէ Ան կը յաղթէ չարին ու կը յաղթէ մեր վախերը։ Մենք ալ կրկնենք զայն, յատկապէս «փոթորիկներու» ժամանակ. Տէր փրկէ զիս» հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ակնարկեց թէ «Աւետարանը ապա կը պատմէ թէ աշակերտները Յիսուսը կ՛ընկալեն նաւուն վրայ եւ «հովը իսկոյն կը հանդարտի»։
Խաւար պահերու ընթացքին դիմենք Յիսուսին ու զայն ընկալենք մեր կեանքի նաւուն վրայ
«Տէրը գիտէ, որ կեանքին ու նաեւ Եկեղեցւոյ նաւին կը սպառնան հակահոսանք փչող քամիներ ու թէ ծովը, որուն մէջ կը նաւարկենք յաճախ ալեկոծ է։ Բայց Ան մեզ չի խնայեր նաւարկելու յոգնութենէն, ընդհակառակը, կը մղէ մեկնելու, այսինքն մեզ կը հրաւիրէ դիմագրաւելու դժուարութիւնները, որպէսզի անոնք եւս դառնան փրկութեան վայրեր, առիթներ Իրեն հանդիպանալու։ Ան մեր խաւար պահերու ժամանակ դէպի մեզի կու գայ եւ կը խնդրէ որ զինք ընկալենք», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց մենք մեզի հարցումներ ուղղելու. «Վախերու ժամանակ ի՞նչպէս կը վարուիմ։ Յառաջ կ՛ընթանամ առանձին իմ ուժերովս կամ կը դիմեմ Տիրոջ։ Ի՞նչպէս կ՜ընթանայ հաւատքս։ Կը հաւատա՞մ որ Քրիստոս աւելի զօրեղ է ալիքներէն ու հակառակ քամիներէն։ Եւ առաջին հերթին ես Անոր հետ կը նաւարկե՞մ։ Զայն կ՛ընկալեմ կեանքի նաւուն վրայ ու ղեկը Անոր կը յանձնե՞մ»։
Մարիամ Աստղ ծովու օգնէ մեզի որպէսզի մութ ճանապարհորդութիւններուն մէջ փնտռենք Յիսուսին լոյսը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ