«Տրամադիր ըլլալ փոխելու կարծիքը եւ ունենալ հաստատ հաւատք». Քահանայապետին 20 օգոստոսի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մատթէոս Աւետարանիչին պատմած դիւահար աղջկայ մը մայր` քանանացի կնոջ Յիսուսին հետ հանդիպման դրուագը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Կիրակի 20 օգոստոս 2023ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր Ան ներկայացուց սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
«Այսօր Աւետարանը մեզի կը պատմէ Յիսուսին քանանացի կնոջ մը հետ հանդիպումը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ այդ մէկը կը պատահէր Իսրայէլի սահմաններէն դուրս (Մատթ. 15,21-28)։
«Կինը Յիսուսէն կը խնդրէ, որ իր աղջիկը ազատէ դեւերէն, բայց Տէրը անոր պատասխան չի տար։ Կինը կը պնդէ ու աշակերտները Յիսուսին կ՛աղաչեն որ արձակէ զայն, որպէսզի դադրեցնէ այդ պնդումները բայց Յիսուս աշակերտներուն կը բացատրէ, թէ իր առաքելութիւնը սահմանուած է Իսրայէլի զաւակներուն օգտագործելով սոյն պատկերը. «Աղէկ չէ տղոց հացը առնել ու շուներուն տալ»։ Բայց Կինը կը պատասխանէ «Այո՛, Տէ՛ր, սակայն շուներն ալ իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով կը կերակրուին»։ Այն ատեն Յիսուս անոր կ՛ըսէ. «Ո՛վ կին, քու հաւատքդ մեծ է, քու ուզածիդ պէս ըլլայ քեզի»։ Նոյն ժամուն անոր աղջիկը բժշկուեցաւ»։
«Կը տեսնենք` թէ ինչպէս Յիսուս կը փոխէ իր կարծիքը, ու այդ մէկը կը պատահի այդ կնոջ հաւատքի զօրութեան հետեւանքով» ըսաւ Քահանայապետը եւ խորհրդածութիւնը ուզեց կեդրոնացնել ճիշտ այս երկու երեւոյթներուն վրայ` Յիսուսին վարմունքին փոփոխութիւնը եւ կնոջ հաւատքը։
Աղօթքի ուժին դիմաց Յիսուս կը փոխէ իր կարծիքը
«Յիսուս կը քարոզէր ընտրեալ ժողովուրդին բայց ի տես կնոջ պնդումին ու աղօթքին, տեսակէտով մը կը կանխէ Սուրբ Հոգիին գործը` Եկեղեցին մղելու դէպի աշխարհիս ծայրամասերը», նկատել տուաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «Աստուած սէր է ու այն որ կը սիրէ թոյլ կու տայ յուզուիլ ու շարժիլ, գիտէ փոխել իր ծրագիրները ու պինդ չի մնար իր դիրքերուն վրայ։ «Եւ մենք քրիստոնեաներս», աւելցուց Ան, «եթէ կ՛ուզենք նմանիլ Քրիստոսին, կանչուած ենք փոփոխութիւնը ընդունելու»։
«Որքա՜ն լաւ է մեր յարաբերութիւններուն համար, բայց նաև հաւատքի կեանքին մէջ, հլու ըլլալը, իսկապէս ունկնդրելը, յուզուած ըլլալը գթասրտութեան և ուրիշների բարութեան անունով, ինչպէս Յիսուսը քանանացի կնոջ հետ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով կնոջ հաւատքին, զոր Տէրը կը գնահատէ իբրեւ «Մեծ»։
Մեծ հաւատք ունենալ
Աշակերտներուն համար մեծ ու ձանձրացուցիչ էին այդ կնոջ պնդումները Յիսուս սակայն կը տեսնէ հաւատքը։ Այդ կինը հաւանականօրէն տեղեակ չէր Իսրայէլի կրօնական օրէնքներէն, հարուստ չէր գաղափարներով` բայց գործունէութեամբ։ Քանանացի կինը կը մօտենայ, Յիսուսին ոտքերուն կ՛իյնայ, կը պնդէ, Յիսուսին հետ կը զրուցէ ու կը յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւններըշ միայն Յիսուսին հետ խօսելու համար։ «Ահա այս է հաւատքին շօշափելիութիւնը` Տիրոջ հետ անձնական հանդիպում» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով, որ «Կնոջ հաւատքը կազմուած չէ աստուածաբանական վարուելակարգէ, այլ պնդումէ. ոչ թէ խօսքերէ, այլ աղօթքէ: Եւ Աստուած չի դիմադրեր, երբ իրեն կ՛աղօթենք: Ասոր համար է, որ Ան ըսաւ. «Խնդրեցէ՛ք և պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէ՛ք և պիտի գտնէք, բախեցէ՛ք և պիտի բացուի ձեզի» (Մատթ. 7:7):
«Այս իրողութեան լոյսին տակ կարող ենք մի քանի հարցումներ ուղղել. Մեկնելով Յիսուսին փոփոխութենէն, ես կարո՞ղ եմ փոխել իմ կարծիքը: Կարո՞ղ եմ ըլլալ համակրելի և կարեկից, թէ՞ կոշտ կը մնամ իմ դիրքերուս վրայ: Եւ մեկնելով կնոջ հաւատքէն՝ ինչպէ՞ս է իմ հաւատքս։ Արդեօ՞ք ան կանգ կ՛ առնէ հասկացութիւններու և բառերու վրայ, թէ՞ իրականին մէջ ապրում է աղօթքով և գործողութիւններով: Ես գիտե՞մ ինչպէս զրուցել Տիրոջ հետ, պնդել անոր հետ, թէ՞ կը գոհանամ գեղեցիկ բանաձև մը արտասանելով: Թող Աստուածամայրը մեզ տրամադիր դարձնէ բարիին և գործնական հաւատքի մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ