Որոնել

2023.08.03 Viaggio Apostolico in Portogallo in occasione della XXXVII Giornata Mondiale della Gioventu' - Gruppo di giovani dalla Turchia

Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Թուրքիայէն խումբ մը երիտասարդ ուխտաւորներու հետ

Կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին, որ աւարտեցաւ տէրունական աղօթքով, տօնախմբութիւնը կատարուեցաւ նաեւ 23 տարեկան թուրք աղջկայ մը որ իր տարեդարձը կը տօնէր այդ օր։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը իր «Թելեկրամ» ընկերային ցանցին վրայ հրատարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ «հինգշաբթի` 3 օգոստոսին, Առաքելական Նուիրակութիւն վերադարձին Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում ունեցաւ տարբեր քրիստոնեայ դաւանանքներու եւ տարբեր ծագումով` վերջերս երկրաշարժի զոհ Թուրքիայէն 40 հոգիէ բաղկացած խումբ մը ուխտաւոր երիտասարդներուն հետ, առաջնորդութեամբ Անատոլիայի Առաքելական Փոխանորդութեան` ընդհանուր Փոխանորդին»։

Երիտասարդները շնորհակալութիւն յայտնեցին Քահանայապետին երկրախարշէն ետքը այնտեղ ուղարկած օգնութիւններուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր մօտիկութիւնը արտայայտեց երկրախարշին պատճառած աւերներէն տուժողներուն ու անոնց կրած տառապանքներուն համար, գիտակցելով անոնց քաջութեան ու «վերակառուցելու» մարտահրաւէրին` նաեւ «կեանքին մէջ»։

Կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին, որ աւարտեցաւ տէրունական աղօթքով, տօնախմբութիւնը կատարուեցաւ նաեւ 23 տարեկան թուրք աղջկայ մը որ իր տարեդարձը կը տօնէր այդ օր։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2023, 14:28