Որոնել

2023.08.03 Viaggio Apostolico in Portogallo in occasione della XXXVII Giornata Mondiale della Gioventu' - Cerimonia di accoglienza

Լիզպոնի ԵՀՕ ճանապարհ Խաչին

Աղօթենք` որպէսզի Յիսուսին դէպի Գողգոթայ տանող դժուար ճանապարհորդութեան ուղեկցիլը մեզ լիացնէ ապագան ընդունելու յոյսով ու մղումով, դիմակայելով մարտահրաւէրները, ինչպէս ըրաւ Յիսուս չխուսափլով անոնցմէ, այլ յաղթահարելով զանոնք հաւատքի, յոյսի և սիրոյ զօրութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

ԵՀՕ չորրորդ օրը` ուրբաթ 4 0գոստոսի երեկոյեան Լիզպոնի «Parco Eduardo VII» հանդիպումի բլուրը կը հիւրընկալէ ԵՀՕ Ճանապարհ Խաչին զոր պիտի գլխաւորէ Ֆրանչիսկոս պապը ու սկիզբ պիտի առնէ տեղական ժամով վեցին ու անոր պիտի մասնակցին երիտասարդ ուխտաւորները, կղերական դասի անդամները, քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ ու փորթուկալցի եւ օտար հաւատացեալներ։

Ճանապարհ Խաչիի արարողութիւնը պիտի ոգեւորեն յիսուն հոգիէ ու տարբեր ազգութիւններու պատկան երիտասարդներու խումբ մը։

Ճանապարհ Խաչի արարողութիւնը կը կայանայ աղօթքով ուղեկցելու Յիսուսին անոր դէպի խաչ տանող ճանապարհին վրայ։ Այս արարողութեան նպատակը լոկ Յիսուսին չարչարանքներու յիշատակումը չէ այլ խոկում է Անոր անհուն Սիրոյ մասին որ իր կեանքը տուաւ մեր փրկութեան համար։

ԵՀՕ ճանապարհ Խաչի արարողութեան նիւթերը արդիւնքն են հինգ ցամաքամասերէ 20 երիտասարդներու խորհրդակցութեան որոնք մաս կը կազմեն Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Վերատեսչութեան 2018 երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսէն ետքը ստեղծած «Երիտասարադկան Միջազգային խորհրդատուական մարմնին»։

Անոնք այսօրուայ երիտասարդներու կեանքին մէջ ներկայ տկարութիւններու եւ վէրքերու ընդմէջէն ընտրեցին 14 կայաններու նիւթերը որոնցմէ իւրաքանչիւրը կապուած է երիտասարդներուն հայող ընկերութեան մէկ տկարութեան։

Ճանապարհ Խաչիին նպատակն է ստեղծել խոր աղօթքի մթնոլորտ որպէսզի իւրաքանչիւր երիտասարդ կարողանայ գիտակից դառնալ ուժին ու խրախուսանքին զոր կ՛ընդունի Յիսուսէն, սեփական կեանքի լոյսի կամ խաւարի պահերուն։

Աղօթենք` որպէսզի Յիսուսին  դէպի Գողգոթայ տանող դժուար ճանապարհորդութեան ուղեկցիլը մեզ լիացնէ ապագան ընդունելու յոյսով ու մղումով,  դիմակայելով   մարտահրաւէրները, ինչպէս ըրաւ Յիսուս չխուսափլով անոնցմէ, այլ յաղթահարելով զանոնք հաւատքի, յոյսի և սիրոյ զօրութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2023, 16:10