Որոնել

«Դուք պատահաբար չէ որ այստեղ կը գտնուիք` Յիսուսն է` որ ձեզ կոչեց ձեր անունով». Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն

Քահանայապետին առաջին հանդիպումը Լիզպոնի ԵՀՕ մասնակցող երիտասարդներուն հետ։ Յիսուս մեզ կը կոչէ մեր անունով որովհետեւ սիրուած ու արժէքաւոր ու եզակի ենք Անոր աչքերուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Queridos Jovens, boa tarde!» Սիրելի երիտասարդներ, բարի երեկոյ: Այս խօսքերով է, որ Հինգշաբթի 3 օգոստոսի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց Լիզպոնի «Parque Eduardo VII» պարտէզի տարածքին վրայ համախմբուած 500 հազարէ աւելի երիտասարդները, որոնք կը մասնակցին ԵՀՕ 37րդ հաւաքին։

Արդարեւ «Ընդունելութեան պաշտօնական արարողութեամբ» սկիզբ առաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին ԵՀՕ մասնակցութիւնը ու այս եղաւ Քահանայապետին առաջին հանդիպումը եւ զրոյցը աշխարհի համայն վայրերէն Լիզպոն ժամանած երիտասարդներուն հետ։

Լիզպոնի Պատրիարք կարդինալ Մանուել Խօսէ Մաքարիօ տօ Նաշիմենթօ Քլեմենթէի ողջոյնի խօսքէն յետոյ տօնախմբութեան առաջին մասի գլխաւոր հերոսները եղան երիտասարդները` երաժշտութեամբ, երգերով և պարերով, խորհրդանշական կերպով նամակներ փոխանցելով Ֆրանչիսկոս Պապին իրենց կեանքի իմաստի, հաւատքի եւ Եկեղեցւոյ պատկանելիութեան մասին, ապա ծածանելով աշխարհի բոլոր երկիրներու դրօշները, բեմ բարձրացուցին ԵՀՕ խորհրդանիշները՝ Ուխտաւորի Խաչը և Salus Populi Romani Տիրամօր սրբապատկերը:

Քահանայապետին երիտասարադներուն հետ ռաջին հանդիպումը
Քահանայապետին երիտասարադներուն հետ ռաջին հանդիպումը

Յիսուսին կոչը

«Սիրելի երիտասարդներ բարի երեկոյ, բարի եկած էք եւ շնորհակալ եմ ձեր ներկայութեան համար եւ ուրախ եմ ձեզ տեսնելով» եղան Նորին Սրբութեան արտասանած ճառին առաջին բառերը։

«Դուք այստեղ էք, որովհետեւ կանչուեցաք ինձմէ, Լիզպոնի Պատրիարքէն ու ձեր եպիսկոպոսներէն, քահանաներէն եւ կրօնուսոյցներէն բայց եւ ամէնէն առաջ Յիսուսն է որ ձեզ կոչեց» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, թէ իրենք պատահաբար չէ որ այստեղ կը գտնուին այլ որովհետեւ Յիսուսն է` որ զանոնք կոչեց, կոչեց իրենց կեանքի առաջին օրէն, կոչեց իրենց անունով։

«Մտաբերենք այս մէկը. Յիսուս զիս կոչեց իմ անունովս։ Սրտին մէջ փորագրուած խօսքեր են, գրուած իւրաքանչիւրի սրտին մէջ ու կը կազմեն կեանքի տիտղոս մը` մեր ով ըլլալուն իմաստը։ Մեզմէ ոչ մէկը պատահաբար քրիստոնեայ է, բոլորս ալ կոչուած ենք մեր անունով» ըսաւ Քահանայապետը։

ԵՀՕ. Քահանայապետը ընկալող երիտասարդներուն հոյլը
ԵՀՕ. Քահանայապետը ընկալող երիտասարդներուն հոյլը

Արժէքաւոր ու եզակի զաւակներ

Ան ապա շարունակեց. «Մենք արժէքաւոր զաւակներ ենք Աստուծոյ աչքերուն ու Ան ամէն օր կը կոչէ` որպէսզի ողջագուրէ եւ քաջալերէ, մեզմէ իւրաքանչիւրս դարձնելու համար եզակի գլուխ գործոց մը...ԵՀՕ այս օրերը թող ըլլան Աստուծոյ սիրոյ կանչի աշխոյժ արձագանքները...թող ըլլան օրեր ուր իմ անունս, քու անունդ, որ բարեկամութեամբ պիտի արտասանուի բազմաթիւ լեզուներու եւ ազգութիւններու եղբայրներու եւ քոյրերու շնորհիւ, հնչէ որպէս պատմութեան եզակի նորութիւն, որովհետեւ եզակի է Աստուծոյ սրտին զարկը քեզի համար։ Թող ըլլան օրեր` ուր մեր սրտերուն մէջ արձանագրենք թէ մենք սիրուած ենք այնպէս ինչպէս որ ենք։ Ոչ ինչպէս կ՛ուզենք ըլլալ, այլ այնպէս ինչպէս որ ենք այժմ։ Այս է ահա ԵՀՕ մեկնակէտը ու ամէնէն առաջ կեանքին մեկնակէտը» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ շեշտելով որ մենք կոչուած ենք ինչպէս որ ենք ու մեզմէ իւրաքանչիւրս կոչուած է իր անունով։

Քահանայապետին հանդիպումը Լիզպոնի ԵՀՕ երիտասարդներուն հետ
Քահանայապետին հանդիպումը Լիզպոնի ԵՀՕ երիտասարդներուն հետ

Ոչ թէ թիւ այլ դիմագիծ

«Աստուած քեզ կը կոչէ քու անունովդ ու այս կը նշանակէ, թէ դուն անոր համար թիւ մը չես այլ դիմագիծ։ Դիմագիծ, սիրտ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով, թէ «այսօր շատ մարդիկ կը ճանչնան մեր անունը բայց մեզ չեն կոչեր մեր անունով, որովհետեւ այդ անունը թէեւ ճանչցուած է կը մշակուի ալկորիթմներով, որոնք զայն կը կապեն ճաշակի և նախասիրութիւններու եւ այս մէկը ի շահ շուկայական հետազօտութեան»։

Քահանայապետը զգուշացուց առ այդ սուտ բարութեան ժպիտին ետեւ պահուըտած գայլերէն «որոնք կ՛ըսեն թէ ով ենք բայց մեզ չեն սիրեր» եւ զգուշացուց նաեւ «անիրականի պատրանքներէն» որոնք երջանկութիւն կը խոստանան, սակայն ետքը կը յայտնուին իրենց էութեամբ` խաբեբայ, ունայն ու մակերեսային, որոնք դատարկութիւն կը թողուն իրենց ետին։

ԵՀՕ Լիզպոնի մէջ
ԵՀՕ Լիզպոնի մէջ

Կոչուածներու հասարակութիւն

«Յիսուսը այսպէս չէ. Ան ձեր վրայ վստահութիւն ունի, ձեզմէ իւրաքանչիւրին կը վստահի, որովհետեւ Յիսուսին համար մեզմէ իւրաքանչիւրս արժէք ունի»,  ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը նշելով, որ «մենք որպէս Անոր Եկեղեցին` կոչուածներու հասարակութիւն ենք, ոչ թէ լաւագոյններու հասարակութիւն, մենք բոլորս մեղաւորներ ենք, բայց բոլորս այլ կոչուած ենք ինչպէս որ ենք, մեր խնդիրներով, մեր սահմանափակումներով, մեր աւելի լաւ դառնալու իղձով ու յաջողութիւն ունենալու փափաքով։ Մենք Յիսուսին եղբայրներուն եւ քոյրերուն հասարակութիւնն ենք» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը։

ԵՀՕ Լիզպոնի մէջ
ԵՀՕ Լիզպոնի մէջ

Եկեղեցին` բոլորի մայր

«Բարեկամներ, շարունակեց Ան, կ՛ուզեմ ձեր հետը յստակ ըլլալ. Եկեղեցւոյ մէջ տեղ կայ բոլորին։ Ոչ մէկը աւելորդ է։ Տեղ կայ բոլորին, մեզի նման, եւ Յիսուս այս մէկը յստակ կերպով կ՛արտայայտէ երբ իր պատրաստած խնջոյքին կը կոչէ բոլորը, երիտասարդներ, տարեցներ, առողջ մարդիկ, հիւանդներ, արդարներ ու մեղաւորներ։ Բոլորը։ Եկեղեցւոյ մէջ տեղ կայ բոլորին համար։ Իմ հետս կրկնեցէք Բոլորին համար ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով երիտասարդները իւրաքանչիւրը իր լեզուով կրկնելու բոլորը բառը ապա հաստատեց որ Եկեղեցին այս է, անիկայ բոլորին մայրն է եւ այնտեղ տեղ կայ բոլորին համար։ Տէրը արդարեւ մատնացոյց չընէր այլ բազուկները կը բանայ։ Ան կ՛ողջագուրէ բոլորը։
Ան իր բազուկները տարածեց Խաչին վրայ մեռնելով մեզի համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց նաեւ, թէ «Յիսուս երբեք դուռը չի փակեր, երբեք, այլ կը հրաւիրէ քեզ ներս մտնել։ Այս օրերուն փոխանցենք անոր սիրոյ պատգամը։ Աստուած քեզ կը սիրէ։ Աստուած քեզ կը կոչէ։ Ան, կ՛ ուզէ, որ ես իրեն մօտ ըլլամ։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Հարցեր տալ

Այսօր կէսօրին ինձ հարցեր տուիք, շատ հարցեր։ Երբեք մի յոգնիք խնդրելէ. Մի յոգնիք հարցեր ուղղելէ։ Հարցեր տալը լաւ բան է; Աւելի, շատ աւելի, քան պատասխաններ տալը որովհետև ով որ հարց կու տայ «անհանգիստ» է, իսկ անհանգստութիւնը լաւագոյն միջոցն է առօրեայի համար, հոգին անզգայացնող միապաղաղ կեանքին դիմաց։

Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր հարցերը: Եկէք այդ հարցերը տանինք մեր հետ և շարունակենք մեր միջև ընդհանուր երկխօսութիւնը։ Եկէք կրենք զանոնք, երբ կ՛աղօթենք Աստուծոյ առջեւ...եւ շատ հետաքրքիր բան մը կայ՝ Աստուած կը սիրէ զարմացնելով։ Անոր սէրը անակնկալ է: Ան մեզ միշտ կը զարմացնէ» ըսաւ Սրբազան Պապը:

Քահանայապետն ու երիտասարդները
Քահանայապետն ու երիտասարդները

Սիրելի տղաներ և աղջիկներ, ես ձեզ կը հրաւիրեմ մտածելու այս գեղեցիկ բանի մասին, որ Աստուած մեզ կը սիրէ, Ան կը սիրէ ինչպէս որ ենք, ոչ թէ այնպէս ինչպէս մենք կցանկանայինք ըլլալ կամ ինչպէս հասարակութիւնը կցանկանար որ ըլլանք։ լինել: Ան մեզ կը կոչէ մեր ունեցած արատներով, մեր ունեցած սահմանափակումներով։ Վստահինք Աստուծոյ, որովհետև Ան Հայր է` Հայր որ մեզ կը սիրէ։ Եւ այս հարցին մէջ որպէս մեզի օգնական ունինք Տիրամայրը` Ան ալ մեր Մայրն է։ Կ՛ուզեմ ձեզի ըսել մի վախնաք, քաջութիւն ունեցէք, յառաջ ընթացէք, գիտակից ըլլալով թէ Աստուած մեզ կը սիրէ։ Միասին կրկնենք. Աստուած կը սիրէ մեզ։ Ցտեսութիւն։

ԵՀՕ Խաչը
ԵՀՕ Խաչը
ԵՀՕ Լիզպոնի մէջ
ԵՀՕ Լիզպոնի մէջ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2023, 19:50