Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտեց Փորթուկալ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը

Քահանայապետին Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան ժամանումը նախատեսուած է երեք ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լիզպոնի արուարձանը գտնուող «Passeio Maritimo de Alges» վայրին մէջ  ԵՀՕ կամաւորներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետքը Կիրակի 6 Օգոստոս 2023ի կէսօրէն ետքը Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Լիզպոնի Ֆիկօ Մատուրօ օդակայան ուր Փորթուկալի նախագահի ներկայութեամբ կայացած հրաժեշտի արարողութենէն ետքը  Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելով Լիզպոնէն վերադարձ կատարեց Հռոմ ապա Վատիկան վերջ տալով իր Քահանայապետութեան 42րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան։

Քահանայապետին  Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան ժամանումը նախատեսուած է երեք ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2023, 18:34