Որոնել

Pope Francis in Portugal

4 օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումները Լիզպոնի Պապական նուիրակի պալատէն ներս

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին Լիզպոնի Պապական նուիրակի պալատէն ներս ունեցած հանդիպումներուն վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 4 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Լիզպոնի ամենէն շատ աղքատ Սերաֆինա քաղաքին մէջ գտնուող բարեսիրական կեդրոնը այցելելէ ետք վերադառնալով Պապական նուիրակի Պալատը հակիրճ հանդիպումներ ունեցած է կարգ մը անձերու հետ, լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւնը մը Telegram ընկերային ցացնին վրայ, որուն մէջ կը նշուի, թէ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց  միջազգային երկխօսութեան KAICIID կեդրոնի պատուիրակութիւն մը, ընկերակցութեամբ Սուրբ Աթոռի միջկրօնային երխօսութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Միքէլ Անժէլ Այուզօ Կիսոյին։ Պատուիրակութեան անդամներուն յղած ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան համար ապա երկու խօսք ուղղեց եղբայրութեան եւ երկխօսութեան արժէքին մասին, ինչպէս նաեւ մենախօսութեան եւ դաւանափոխութեան վտանգին վերաբերեալ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա զրոյց ունեցաւ  Ռահիմ Ակա Խանի հետ, որ Իսմաէլիթա հասարակութեան առաջնորդին որդին է։

Լիզպոնի Պապական նուիրակի պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց նաեւ  տարբեր կրօններու եւ քրիստոնեայ դաւանքներուն խումբ մը կրօնաւորներ ու անձեր, որոնք ներգրաւուած են Փորթուկալի եկեղեցւոյ միջ կրօնական եւ տնտեսական գործունէութեան մէջ, որոնց Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ապրուած եղբայրութեան համար ինչպէս նաեւ երկխօսութեան ջանքերուն յանձնարարելով զանոնք է երիտասարդներու հոգ տանիլ, «որոնք ուրախ են եւ ոչ թէ մակերեսային եւ վտանգուած են շրջապատող աշխարհի կողմէ զգայազրկուելու», ըսաւ Ան

Ապա նախ քան կէսօրուան ճաշը, Ֆրանչիսկոս Պապ կարճ հանդիպում ունեցաւ էԻսրայէլցի լրագրող, Henrique Cymerman ի հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2023, 13:53