Որոնել

Լիզպոնի մէջ Քահանայապետը հանդիպեցաւ 106 տարեկան ծերունիի ու ծանր հիւանդութենէ տառապող աղջկայ մը

Առաքելական Նուիրակութեան մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ Maria da Conceição Brito Mendonça որ ծնած է Ֆաթիմայի երեւումներուն օրը ու նաեւ ծանր հիւանդութենէն տառապող Edna Pina Lopes Rodriguesի հետ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետը կը շարունակէ պաշտօնական օրակարգէն դուրս հանդիպումներ ունենալ եւ այսօր ուրբաթ 4 օգոստոսի առաւօտեան Առաքելական Նուիրակութեան մէջ նախ քան «Vasco da Gama» պարտէզ մեկնիլը ուր խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարեց մի քանի երիտասարդներուն Ան կարճ հանդիպում ունեցաւ 106 տարեկան Maria da Conceição Brito Mendonça ի հետ որ աշխարհ եկած է ճիշտ այն օրը երբ 13 Մայիս 1917ին Տիրամայրը երեւցաւ Ֆաթիմայի մէջ։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ` թէ Ֆրանչիսկոս Պապը այդ հանդիպումէն անմիջապէս ետքը իր մօտ ընդունեց ծանր հիւանդութենէ տառապող երիտասարդ Edna Pina Lopes Rodriguesը, որուն Քահանայապետը մօտիկութեան ու աղօթքի պատգամ մը յղած էր անցեալ Յունիս ամսուայ ընթացքին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2023, 10:00