Որոնել

2023.01.25 Il Papa nell'intervista con AP

Քահանայապետին հարցազրոյցը սպանական «Vida Nueva» պարբերաթերթին հետ

Հարցազրոյցի ընթացքին շօշափուած նիւթերուն մաս կազմեցին Քահանայապետին յառաջիկայ ճամբորդութիւնները, կարդինալ Ծուփփիին խաղաղութեան միջնորդի առաքելութիւնը, Եկեղեցւոյ բարեփոխումները, Ապու Տապիի մէջ կրօնապետերու հանդիպումը ու նաեւ երիտասարդները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Լիզպոն չմեկնած Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ հարցազրոյց ունեցած էր «Vida Nueva» պարբերաթերթին հետ, անոր գործունէութեան 65 ամեակին առիթով։ հարցազրոյցը ի լոյս ընծայուեցաւ թերթին յատուկ մէկ թիւի մը հրատարակութեամբ ճիշտ այս օրերուն երբ Ֆրանչիսկոս Պապը կը գտնուի Լիզպոն տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներու հետ միասին տօնախմբելու համար ԵՀՕ։

Հարցազրոյցի ընթացքին շօշափուած նիւթերուն մաս կազմեցին Քահանայապետին յառաջիկայ ճամբորդութիւնները, կարդինալ Ծուփփիին խաղաղութեան միջնորդի առաքելութիւնը, Եկեղեցւոյ բարեփոխումները, Ապու Տապիի մէջ կրօնապետերու հանդիպումը ու նաեւ երիտասարդները։

Խօսելով ճամբորդութիւններու մասին Սրբազան Պապը յայտնեց թէ իր փափաքն է այցելել փոքր երկիները` ու անոնց շարքին է Քոսովոն, որուն համար աշխատանք կը տարուի։ Իսկ Արժանթին այցելութեան մասին հարցումին Ան պատասխանեց, թէ «այդ մէկը եւս ծրագրի մէջ է»։

Ուքրանիոյ պատերազմի մասին ուղղուած հարցումին պատասխանելով Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Կարդինալ Մաթթէօ Մարիա Ծուփփիի խաղաղութեան ուղիով կատարած միջնորդութեան առաքելութեան, նկատել տալով թէ Ան այցելելէ ետք Քիեւը, Ռուսաստանն ու Ուաշինկթընը պիտի մեկնի նաեւ Չինաստան, որովհետեւ «Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը իրենց ձեռքերուն մէջ ունին հակամարտութեան լարուածութիւնը մեղմացնելու  բանալիները»։ Այս ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետին համար ամենաիմաստալից քայլը եղաւ Ուքրանացի մանուկներուն տունդարձը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը բացատրեց նաեւ թէ ինք կ՛ուզէ մնայուն ներկայացուցիչ մը նշանակել, որ կամուրջ հանդիսանայ ընդմէջ ուքրանիոյ եւ ռուսիոյ ապա մատնանշեց յառաջիկայ նոյեմբերին Ապու Տապիի մէջ կայանալիք Միացեալ Ազգերու վեհաժողովէն առաջ` կրօնական ղեկավարներու խաղաղութեան հանդիպումի մը կազմակերպութեան մասին, որուն ուղղութեամբ կ՛աշխատի Կարդինալ Փարոլինը։

Նորին Սրբութիւնը ի միջի այլոց նշեց թէ Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի մը գումարումի ժամանակը տակաւին հասուն չէ ու այս մէկը որովհետեւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը տակաւին ընթացքի մէջ է։ 

Խօսելով հուսկ Եկեղեցւոյ բարեկարգումներու մասին Սրբազան Պապը հաստատեց թէ կարելի չէ բարեկարգումներ կատարել Եկեղեցւոյ մէջ առանց Աւետարանին։ 

Ի վերջոյ Ան ակնարկեց երիտասարդներուն ու անոնց կազմաւորումի կարեւորութեան, նաեւ նորընծայարաններէն ներս, դիտել տալով, թէ մենք պէտք ունինք նորմալ նորընծաներու, իրենց խնդիրներով, որոնք անգուտանդ կը խաղան եւ թաղամասեր չեն երթար զանոնք վարդապետեցնելու համար».

Քահանայապետը այս ուղղութեամբ կոչ ուղղեց «դիմակազերծ ընելու շփոթութեան մարգարէները» ապա զրոյցի աւարտին անդրադարձ կատարեց նաեւ  Վատիկանի մէջ իր մէկ հանդիպումին սեռափոխ  անձերու խումբի մը հետ, որուն աւարտին անոնք յուզուած դուրս եկած էին...«Անոնք եւս Աստուծոյ զաւակներ են» ըսաւ Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2023, 11:30