Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը կէսօրուան ճաշը կիսեց խումբ մը երիտասարդներու հետ

Տարբեր ազգութիւններու պատկան 24 տարեկանէն 34 տարեկան Երիտասարդները առիթը ունեցան Քահանայապետին հետ բաժնեկցելու սիրոյ սեղանը` Լիզպոնի Պապական Նուիրակութեան մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սեպասիտիաօ, Քլարա Իզապել, Եոանա, Լուիս Քարլոս, Պէաթրոս, Փետրօ, Օտրի, Հաննա, Քարամա եւ Մարիա Մակտալենա, տասը երիտասարդներու անուններ են - վեց աղջիկ ու չորս տղամարդ – որոնք առիթը ունեցան այսօր 4 օգոստոսին, Լիզպոնի Պապական Նուիրակութեան մէջ, կէսօրուան ճաշը կիսելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Փորթուկալէն, Պրազիլէն, Կիէնէայէն Ֆիլիփինեան կղզեխումբէն ու նաեւ պաղեստինէն ժամանած երիտասարդներ են որոնք Լիզպոնի մէջ կայացած ԵՀՕ հաւաքին առիթով ընտրուեցան Քահանայապետին հետ ճաշը կիսելու։ Ճաշ որուն մասնակցեցաւ նաեւ Լիզպոնի Պատրիարքը Կարդինալ Մանուել Խօսէ Մաքարիօ տօ Նաշիմենթօ Քլեմենթէն ու անոր օգնական եպիսկոպոս Ամերիկօ Ակիյարը` Լիզպոնի ԵՀՕ հիմնարկի նախագահ ու ապագայի կարդինալ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2023, 14:30