Որոնել

Pope Francis prays in front of the icon of Mary "Salus Populi Romani" (Salvation of the Roman People) at the Basilica of Santa Maria Maggiore

Ֆրանչիսկոս Պապը սովորութեան համաձայն շնորհակալութիւն յայտնեց Տիրամօր

ԵՀՕ առիթով Փորթուկալ կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը 110րդ անգամ ըլլալով այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար երախտապարտութեան աղօթք մատուցելով Աստուածամօր։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Իւրաքանչիւր առաքելական ճամբորդութենէն առաջ ու ետքը Ֆրանչիսկոս Պապը սովորութիւն դարձուցած է այցելել Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Տաճարը եւ իրեն սրտին շատ խօսով Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ աղօթել ու Տիրամօր հովանիին յանձնել ճամբորդութիւնը ու անոր արդիւնքները։

«Երկուշաբթի 7 օգոստոսի առաւօտեան ԵՀՕ առիթով Փորթուկալ կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքան ու աղօթեց Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ ապա վերադարձ կատարեց Վատիկան»։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Այս կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար կատարած 110րդ այցելութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2023, 10:38