Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապը Ֆաթիմայի սրբավայրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Ֆաթիմայի սրբավայրին մէջ  

Քահանայապետը ցաւը սրտին մէջ աղօթեց վասն խաղաղութեան

Ֆաթիմայի սրբավայր կատարած այցելութեան առիթով Սրբազան Պապը լռելեան աղօթեց խաղաղութեան համար Տիրամօր յանձնելով աշխարհն ու մարդկութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ֆաթիմայի Տիրամօր սրբավայր կատարած այցելութեան առթիւ, շաբաթ 5 օգոստոսի առաւօտեան, Երեւումներու մատրան մէջ առանձնական լռելեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տիրամօր արձանին առջեւ ցաւը սրտին աղօթեց խաղաղութեան համար» լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը տեղեկացնելով թէ այս առընչութեամբ կը հրատարակուի նաեւ թուիթ մը Քահանայապետին աղօթքի խօսքերով։

Քահանայապետին թուիթը

“Ով Մարիամ, մենք կը սիրենք քեզ ու քեզի կ՛ապաւինինք։ Եւ քեզի, այժմ, դարձեալ կը յանձնուինք։ Զաւակներու սրտով քեզի կը նուիրագործենք մեր կեանքերը, մեր էութեան իւրաքանչիւր մանրաթել, ամէն բաները զոր ունինք ու ենք, առ յաւէտ։ Քեզի կը նուիրենք Եկեղեցին ու աշխարհը եւ յատկապէս պատերազմի մէջ Երկիրները։ Խաղաղութիւն ընդունէ մեզի համար։ Դուն ճանապարհորդութեան Կոյսը, բաց ճանապարհներ այնտեղ ուր կը թուայ թէ անոնք գոյութիւն չունին։ Դուն որ հանգոյցները կը լուծես, թուլացուր եսասիրութեան և իշխանութեան ժանեակները: Դուն որ թոյլ չես տար պարտուիլ վեհանձնութեան մէջ, մեզ լեցուր քնքշութեամբ, լիացուր յոյսով և մեզի ճաշակել տուր այն ուրախութիւնը որ չանցնիր` Աւետարանի ուրախութիւնը։ Ամէն։”

Քահանայապետին թուիթը
Քահանայապետին թուիթը

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2023, 14:30