Որոնել

Pope Francis' apostolic journey to Portugal

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Տիրամայրը շտապ մեր մօտը կու գայ մեզ օգնելու համար։ Ան մեզմէ կը խնդրէ, որ Յիսուսին հետեւինք»

Ֆրանչիսկոս Պապին Ֆաթիմայի սրբավայրի Յայտնութիւններու մատրան մէջ հիւանդ երիտասարդներուն հետ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքի ընթացքին արտասանած պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 5 օգոստոսին, Լիզպոնի առաքելական ճամբորդութեան վերջընթեր օրը, Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆաթիմայի սրբավայրին յայտնութիւններու մատրան մէջ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը արտասանելէ ետք՝ երիտասարդ հիւանդներու հետ, անպատրաստից իր սիրտի խօսքը ուղղեց ըսելով, «Մատուրը որուն մէջ կը գտնուինք գեղեցիկ պատկերն է եկեղեցւոյ, հիւրընկալ եւ առանց դուռերու եկեղեցի, առանց դուռի որպէսզի բոլորը կարենան մտնել։ Բոլորս կրնանք մտնել, որովհետեւ սա Մօր տունն է, Մայր մը որ պարզ եւ բաց սիրտ ունի իր բոլոր զաւակներուն համար առանց խտրութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ «հոս՝ Մարիամին հայեացքին տակ կը գտնուինք, հոս ենք՝ որպէս եկեղեցի։ Ուխտագնացութիւնը յատուկ Մարեմեան յատկութիւն ունի, որովհետեւ Յիսուսի մասին աւետումէն ետք առաջինը ուխտաւորը Մարիամը եղաւ։ Ան հազիւ իմացաւ թէ իր զարմուհին յղի է, որ մեծ է տարիքով, շտապ քովը գնաց, վազեզ անոր մօտ՝ անոր օգնելու փափաքով եւ ներկայ գտնուելու»։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ կան Մարիամի շատ տիտղոսներ, սակայն անոնցմէ մէկը որ կրնանք ըսել հետեւեալ տիտղոսն է. Սուրբ Կոյսը Մարիամը ամէն անգամ, որ խնդիր ունինք կամ ամէն անգամ որ զինք կը կանչենք Ան երբեք չյապաղիր եւ շտապ մեր մօտը կու գայ։ Մեր մայրը կը շտապէ մեր մօտը գալու կը շտապէ որովհետեւ Մայր է։
Տիրամայրը այսպէս ընկերացաւ Յիսուսին։ Յարութենէն ետք Ան չթաքնուեցաւ, առաքեալներուն ընկերացաւ սպասելով Սուրբ Հոգին եւ ընկերացաւ եկեղեցւոյ, որ սկիզբ առաւ Պենտեկոստէէն ետք։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց թէ «Մեր Տիրամայրը կը շտապէ եւ կ՝ընկերանայ։ Ան միշտ կ՝ընկերանայ եւ գլխաւոր դերակատար չէ։ Մարիամին ընկալելու ժեսթը երկակի է, նախ Ան կ՝ընդունի ապա մատով ցոյց կու տայ։ Ան Յիսուսը ցոյց կու տայ։ Մարիամը իր կեանքին մէջ միշտ Յիսուսը ցոյց տուած է ։ «Ըրէք այն ինչ որ ձեզի կ՝ըսէ»։ Յիսուսի հետեւեցէք։ Ասոնք ենք Մարիամի երկու ժեսթերը։

Ամէն անգամ որ հոս գանք յիշենք, որ Տիրամայրը հոս յատուկէն ներկայ եղաւ, որպէսզի շատերուն կարծր սիրտերը Յիսուսի բացուին։ Տիրամայրը Յիսուսը ցոյց կուտայ։ Այսօր, մեր մէջն է, մեր միջեւ կը գտնուի, այսօր աւելի մօտիկ կը զգանք Մարիամը։ Մարիամը որ կը շտապէ։

Սիրելի բարեկամներ, Յիսուս մեզ կը սիրէ այն աստիճան մեզի նմանելով եւ մեզմէ կը խնդրէ, որ գործակցինք իր հետը։ Տիրամայրը մեզի ցոյց կու տայ այս Յիսուսը որ մեզմէ կը խնդրէ քալել կեանքին մէջ համագործակցելով իր հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց ներկաները ըսելով, «Այսօր կը փափաքիմ Տիրամօր սրբապատկերին նայիլ եւ մտածել թէ Մարիամը իբրեւ Մայր ինչ կ՝ուզէ ըսել։ Ան ցոյց կու տայ Յիսուսը շատ անգամ նաեւ ցոյց կու տայ փոքրիկ բան, որ մեր սիրտին մէջ լաւ չգործեր։ Ան միշտ ցոյց կու տայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց լուռ մնալ եւ ամէն մէկը իր սիրտին մէջ ըսէ, թէ Մարիամը ինչ բան կ՝ուզէ ցոյց տալ Կեանքիս մէջ ինչ բանը զինք կը մտահոգէ եւ կը յուզէ։

Նորին Սրբութիւնը քարոզը աւարտեց ըսելով « Սիրելի եղբայրներ, այսօր կը զգանք Սուրբ Կոյս Մարիամի Մօր ներկայութիւնը, Մայր մը որ միշտ պիտի ըսէ, «ըրէք այն ինչ որ Յիսուս ձեզմէ կը խնդրէ« մեզի ցոյց կու տայ Յիսուսը։ Մայր մը որ Յիսուսին կ՝ըսէ «Ըրէ այն ինչ որ ասոնք քեզմէ կը խնդրեն։ Սա է մեր Մայրը, Մեր Տիրամայրը, շտապ մայրը, մեզի մօտիկ կանգելու համար արագ մայրը։ Թող Ան մեզ օրհնէ Ամէն։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2023, 10:07