Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ կամաւորներուն պարտականութիւն տուաւ բարձրանալու սիրոյ ալիքներուն վրայ

Քահանայապետին ԵՀՕ վերջին հանդիպումը կայացաւ Կիրակի 6 Ոգոստոսի երեկոյեան որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը վերադարձ կատարեց Իտալիա։ Հանդիպումին ներկայ էին աւելի քան 25 հազար կամաւորներ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 6 օգոստոսին, ԵՀՕ վերջին օրը, տեղական ժամանակացոյցով ժամը 3,45ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Լիզպոնի Պապական նուիրակի պալատէն փոխադրուեցաւ Ալկէսի ծովային զբօսավայրը, ուր հանդիպում ունեցաւ ԵՀՕ կամաւորներուն հետ։

Հանդիպումի սկիզբը տեղի ունեցաւ ԵՀՕ մասին տեսանիւթի սփռում, երեք կամաւորներու վկայութիւններուն ներկայացում, Լիզպոնի Պատրիարքի Ֆրանչիսկոս Պապին ի պատիւ  փոխանցած երախտագիտութեան խօսքը։

Ֆրանչիսկոս Պապին երախտագիտութեան խօսքը

Երախտագիտութեան իր խօսքին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ  նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիզպոնի Պատրիարքին ապա ԵՀՕ պատրաստող բոլոր կամաւորներուն նշելով, թէ երախտապարտ է այն բոլոր աշխատանքներու համար, որոնք անմոռանալի դարձուցին ԵՀՕ հաւաքը։

Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ նկատել տուաւ, որ կամաւորներուն կատարածը պարզ աշխատանք մը չէ, այլ ծառայութիւն մը ու վկայութիւն այն բանի մասին, որ «Սէրը ձրի է, գործերու միջոցաւ է որ կը սիրուի ու սիրելը կ՝երջանկացնէ, «Ան որ կը սիրէ ձեռքերը ծալլուած չի պահեր այլ իր քայլը կ՝արագացնէ դէպի ուրիշները», ըսաւ Ան

Անդրադառնալով ապա կամաւորներու մատուցած ծառայութիւններուն ՝ըլլայ ԵՀՕ հաւաքէն առաջ, ըլլայ այս օրերուն, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ վերջին ամիսներուն կամաւորները անհնդատ վազեցին ուրիշներուն հոգ տանելու համար, երբեմն յոգնութեամբ բնորոշուած դէմքերով սակայն միշտ ժպիտը իրենց երեսներուն վրայ, որովհետեւ սէրով լեցուն են։

Նորին Սրբութեան պատասխանը երեք երիտասարդներու ներկայացուցած վկայութիւններուն

Նորին Սրբութիւնը ապա պատասխանեց Քիարա, Ֆրանչիսքօ եւ Ֆիլիփ երեք անձերու ներկայացուցած վկայութիւններուն։ Պատասխանելով Քիարային ներկայացուցած այն վկայութեան, թէ Յիսուսին հետ իր ունեցած հանդիպումը կեանքին ամենէն գեղեցիկ հանդիպումն է, ֆրանչիսկոս Պապ յարեց թէ քրիստոնեայ կեանքին սիրտը Յիսուսին հետ ամէն օր հանդիպումի վերանորոգումն է։

Անդրադառնալով ապա ֆրանչիսքոսի տուած այն վկայութեան, թէ Յիսուսի եւ եղբայրներու օգնութեամբ առիթը ունեցաւ վերադասաւորելու իր կեանքի սենեակը, Սրբազան Հայրը նշեց, թէ կեանքին մէջ ամէն ինչ դասաւորելու համար չեն ծառայեր բաները, հարկաւոր չեն շեղումներն ու դրամը՝ այլ պէտք է սիրտը ընդլայնել՝ զայն բանալով սիրոյ առջեւ։

Ի վերջոյ Պատասխանելով Ֆիլիփի տուած այն վկայութեան, թէ ԵՀՕ հաւաքի օրերուն ապրեցաւ երկու հանդիպումներ, Յիսուսի եւ ուրիշներու հետ, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Յիսուսի հետ հանդիպումը անձնական եւ յատուկ պահ մըն է, որուն մասին կարելի է նկարագրել եւ պատմել մինչեւ որոշ մաս մը, սակայն դիտել տուաւ Ան, թէ այդ հանդիպումը կը հասնի շնորհիւ ուրիշներուն հետ կատարուած ուղեւորութեան եւ ուրիշներու բարեխօսութեամբ։

Սրբազան Քահանայապետը յանձնարարեց յառաջ երթալ, որովհետեւ ԵՀՕ կը շարունակուի վաղը՝ տան, ժողովրդապետութեան, դպրոցին եւ համասպրանին մէջ, յառաջ տանելով եւ վկայելով ուրիշներու հետ խմբային ուղեւորութիւնը։

Նորին Սրբութեան քաջալերանքի խօսքը բարձրանալու սիրոյ բարձր ալիքներու վրայ

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա օրինակ բերելով «Սրֆիսթներու» համար շատ հաճելի Փորթուկալի ծովուն մէջ բարձ ալիքները կամաւորներուն ըսաւ, որ իրենք եւս այս օրերուն հանդիպեցան բարձր ալիքներու, ոչ թէ ջուրի ալիքի, այլ այս քաղաքին մէջ հաւաքուած երիտասարդներու ալիքին, դիտել տալով, որ կամաւորները Աստուծոյ օգնութեամբ, հիւրասիրութեամբ եւ փոխ աջակցութեամբ կարողացան անցնիլ այդ բարձր ալիքներէն, որոնց միջոցաւ աւելի բարձր բարձրացան ու շնորհիւ իրենց ալիքները դիմագրաւելու խիզախութեամբ կարողացան տեսնել այնպիսի բաներ, որոնք անկարելի է երեւակայել մայրցամաքէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց երիտասարդները շարունակելու եւ բարձրանալու եղբայրսիրութեան ալիքներուն վրայ ու դառնան Սիրոյ «Սրֆիսթներ», մաղթելով որ ԵՀՕ ծառայութիւնը դառնայ բարի ալիքներուն ամենէն բարձրը, որոնց միջոցաւ կամաւորները պիտի բարձրանան եւ Աստուծոյ աւելի մօտիկ պիտի ըլլան ու հնարաւորութիւնը պիտի ունենան տեսնելու իրենց ճանապարհը աւելի լաւ տեսանկիւնէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2023, 17:50