Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ժամանակ մի կորսնցնէք բողոքելու համար, դէմ յանդիման գտնուիլ շօշափելիք կարիքներու»

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Լիզպոնի ամենէն աղքատ քաղաքին մէջ գտնուող բարեսիրական կեդրոնը, ուր կը խնամուին մանուկներ, պատանիներ եւ տարեցներ ։ Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ժամանակ մի կորսնցնէք բողոքելու համար, դէմ յանդիման գտնուիլ շօշափելիք կարիքներու»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երիտասարդներու համաշխարհային օրուան առիթով, Լիզպոն կատարած առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրը, Ուրբաթ, 4 օգոստոսին, տեղական ժամանակացոյցով ժամը 8,45ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Պապական նուիրակի պալատէն ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Վազքօ Տէ Կամա անուան հրապարակը, ուր խոստովանանքի խորհուրդը կատարեց ԵՀՕ մասնակցող երեք երիտասարդներուն։ Խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարելէ ետք, ժամը 09,30ին, ֆրանչիսկոս Պապ փոխադրուեցաւ Լիզպոնի արուարձանը գտնուող, Սերաֆինա քաղաքի Sao Paolo Vicente de Paulo եկեղեցի եւ բարեսիրական կեդրոնը, ուր աւելի քան 170 պաշտօնեաներ, տարբեր պաշտօններով հոգ կը տանին կեդրոնի մէջ գտնուող մանուկներուն, պատանիներուն եւ տարեցներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը բարեսիրական կեդրոն

Բարեսիրական կեդրոն ժամանումին, Ֆրանչիսկոս Պապ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն ժողովրդապետին կողմէ, ապա տեղի ունեցաւ Centro Paroquilal da Serafina կեդրոնին , Ajuda De Berco ապաստանարանին եւ Acreditar ընկերակցութեան։

Այցելութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց անպատրաստից  սիրտի խօսք մը հրաւիրելով ներկաները, որ գրաւոր պատգամը աւելի ուշ կարդան, որովհետեւ չ՝ուզեր աչքերը յոգնեցնել ու սխալ կարդալ։ Անպատրաստից պատգամը Ֆրանչիսկոս Պապ գրեթէ ամբողջութեամբ կեդրոնացուց շօշափելի եղբայսիրական գործունէութիւններու վրայ, ընդգծելով թէ գոյութիւն չ՝ունի վերացական սէրը, Պղատոնական սէրը շրջածիրին մէջ է, ան իրականութեան մէջը չէ։ Մինչ շօշափելի սէրը այն է որ ձեռքերը կ՝աղտոտէ։ 

Գրաւոր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովրդապետին, բարեսիրական կեդրոնին բոլոր բարեկամներուն։Ան ապա ներշնչուելով ԵՀՕ բնաբանէն ու հրաւիրելով նայելու Սուրբ Կոյս Մարիամին, որ Եղիսաբեթին կ՝այցելէ՝ անոր օգնելու համար, ընդցծեց թէ «Եղբայրսիրութիւնը քրիստոնէական ուղեւորութեան նպատակն ու ծագումն է։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն անոնց սիրոյ մէջ իրականացուցած գործունէութիւններուն ու տուած վկայութիւններուն համար խօսքը կեդրոնացուց երեք կէտերուն վրայ. Բարիք ընել միասին, շօշափելի կերպով աշխատիլ, եւ մօտիկ գտնուիլ ամենէն շատ տկարներուն։

Առաջին՝ բարիք ընել միասին։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ պէտք չէ թոյլ տալ, որ մեզ սահմանեն հիւանդութեամբ կամ խնդիրներով, որովհետեւ ոչ հիւանդութիւն եւ ոչ ալ խնդիրներ ենք, այլ իւրաքանչիւր անձ պարգեւ մըն է, թանկարժէք եւ սուրբ պարգեւ մը՝ Աստուծոյ համար, քրիստոնեայ եւ մարդկային հասարակութեան համար, Հետեւաբար, այսպէս ինչպէս կը ներկայանաք միասնաբար կը հարստացնենք եւ թոյլ կու տանք, որ հարստանանք մեր միասնականութենէն։

Երկրորդ՝ ձեռնարկել շօշափելի գործողութիւններ

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ խօսքը՝ «Եկեղեցին հնագիտական թանգարան չէ։ Եկեղեցին քաղաքին հին աղբիւրն է, որ ջուր կու տայ ներկայ սերունդներուն, ինչպէս անցեալին տուաւ»։ (Omelia nella Liturgia in Rito Bizantino-Slavo in onore di S. Giovanni Crisostomo, 13 novembre 1960 «Աղբիւրը կը ծառայէ ժամանող ճանապարհորդներուն ծարաւը յագեցնելու համար , անոնց ուղեւորութեան յոգնութիւններու ծանրութեամբ», ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով որ «Երբ մեր ժամանակ չենք կորսնցնէր իրականութիւնը թերագնահատելու համար, այլ կը մտահոգուինք դէմ յանդիման գալու շօշափելի կարիքներուն՝ ուրախութեամբ եւ Աստուծոյ նախախնամութեան վստահելով, կը պատահին հրաշալի բաներ» ըսաւ Սրբազան Հայրը

Երրորդ՝ մօտիկ գտնուիլ ամէնէն շատ դիւրաբեկներուն

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ բոլորս դիւրաբեկներ եւ կարիքաւորներ ենք, սակայն Աւետարանի հայեացքը մեզ կը տանի տեսնելու օգնութեան կարօտ ունեցող անձերու կարիքները, որոնք եկեղեցւոյ հարստութիւնն են, եւ Աստուծոյ նախ ընտրեալները, «որոնց միջեւ պէտք չէ նախընտրութիւններ կատարել» յորդորեց Սրբազան Հայրը, ան ապա Եղբայրսիրութեան կապակցութեամբ յիշեց Փորթուկալցի անձի մը պատմութիւնը, որ երիտասարդ հասակին իր տունէն հեռացաւ երջանկութիւն փնտռելու համար, որ գտաւ Յիսուսի հետ հանդիպելու մէջ եւ որուն հետեւանքով իր անունը փոխեց կոչուելով Աստուծոյ Յովհաննէսը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց թէ այդ երիտասարդը փողոց կ՝իջնէր մուրացկանութիւն կատարելու համար ու մարդիկը կը հրաւիրէր, որ բարիք ընեն իրենց անձերուն համար։ «Սէրը ոչ միայն երկինքին մէջ երջանիկ կը դարձնէ, այլ այս երկրի վրայ, որովհետեւ սիրտը կ՝ընդլայնէ եւ թոյլ կու տայ ողջագուրելու կեանքի իմաստը» ըսաւ Ան

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց դարձեալ ակնարկելով Աստուծոյ Յովհաննէսի մասին, յարելով թէ ոչ մէկը հասկցաւ Յովհաննէսին կը կարծէին թէ ան խելագար մըն էր ու ասոր համար զինք խենթանոցին մէջ դրին

«Սակայն Յովհաննէսը երբեք չյուսահատեցաւ, որովհետեւ սէրը երբեք չյանձնուիր, որովհետեւ Ան, որ Յիսուսին կը հետեւի չկորսնցներ խաղաղութիւնը եւ չողբար իր վրայ», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ Խենդանոցին մէջ Յովհաննէսը ներշնչուելով Աստուծմէ սկսաւ օգնել օգնութեան կարիքը ունեցող հիւանդներուն։ Ան ուրիշ ընկերներով շատերուն օգնելու համար հիմնեց միաբանութիւն մը կոչելով զայն «Հիւանդանոցի եղբայրներ» որ այսօր Հռոմի մէջ կոչուած է Fatebenefratelli”։

Ֆրանչիսկոս Պապ գրաւոր պատգամը աւարտեց հրաւիրելով իրար զիրար սիրել եւ շարունակել կեանքը դարձնել սիրոյ եւ ուրախութեան նուէր։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2023, 10:36