Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ուքրանացի պատանիները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ուքրանացի պատանիները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ Լիզպոնի մէջ ողջունեց Ուքրանացի 15 երիտասարդներ ու անոնց հետ աղօթեց Ուքրանիոյ համար

Նորին Սրբութիւնը ընդունեց նաեւ Լիզպոնի մէջ առկածի պատճառաւ մահացած 62 ամեայ ֆրանսացի Քրիստոնէականի ուսուցչուհիի մը ընտանիքի չորս անդամները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 3 օգոստոսին, առաւօտեան, Լիզպոնի Պապական նուիրակութեան մէջ  ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Ուքրանիայէն ժամանած 15 Ուքրանացի ուխտաւորներուն հետ, որոնց ընկերացած էր Ուքրանիոյ կառավարութեան մօտ կրօնային կազմակերպութիւններուն հետ երկխօսութեան համար խորհրդատու տիար Տէնիս Քոլատան։ Լուրը Հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրելէ ետք պատանիներուն յուզիչ պատմութիւնները իր սիրտի խօսքը փոխանցեց անոնց յայտնելով իր մօտիկութիւնն ու ապահովելով իր աղօթքը։

«Հանդիպումը տեւած է շուրջ 30 վայրկեան։ Սրբազան Հայրն ու պատանիները միասնաբար արտասանած են Տէրունական Աղօթքը, ունենալով որպէս դիտաւորութիւն Ուքրանիան», նշուած է միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր կը հաղորդուի նաեւ, որ այսօր առաւօտեան Լիզպոնի Պապական նուիրակի պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ԵՀՕ առիթով Լիզպոն ժամանած առկածի պատճառաւ մահացած 62 ամեայ ֆրանսացի Քրիստոնէականի ուսուցչուհիի մը ընտանիքի չորս անդամները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2023, 11:14