Որոնել

ԵՀՕ եզրափակիչ սուրբ պատարագ։ «երիտասարդներ մի վախնաք, դուք մեր ժամանակներուն լոյսն էք» Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն

«Ձեզի երիտասարդներուդ որ կ՛ուզէք աշխարհը փոխել եւ կ՛ուզէք պայքարիլ արդարութեան ու խաղաղութեան համար։ Որ կեանքի մէջ յանձնառում ու երեւակայութիւն կը դնէք։ Դուք երիտասարդներ որուն կարիքն ունի Եկեղեցին ու աշխարհը` այնպէս ինչպէս հողը պէտք ունի անձրեւին։ Ձեզի երիտասարդներ որ ներկան ու ապագան էք այո ճիշտ ձեզի երիտասարդները Յիսուսը այսօր կ՛ըսէ «Մի վախնաք»։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Տէ՛ ր, մեզի համար լաւ է որ հոս ենք» (Մատթ 17,4)։ Պայծառակերպութեան լերան վրայ Սուրբ Պետրոսին այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապ, Կիրակի, 6 օգոստոսին, սկսաւ Լիզպոնի Parque Tejo պարտէզին մէջ գլխաւորած պատարագին քարոզը, նշելով, որ «մենք կ՛ուզենք զանոնք մերը ընել աղս խիտ օրերէն ետքը» ու թէ «գեղեցիկ է այն ինչ, որ Յիսուսին հետ փորձարկեցինք, այն ինչ որ ապրեցանք միասին ու գեղեցիկ է թէ ինչպէս աղօթեցինք սրտերը լի ուրախութեամբ»։

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը հարց տուաւ «ի՞նչ բան պիտի տանինք այս օրերէն մեր առօրեայ կեանքին մէջ» ու պատասխանեց օրուան աւետարանէն ներշնչուած երեք բայերով. լուսաւորուիլ, ունկնդրել եւ չվախնալ։

Լուսաւորուիլ

«Լերան վրայ Յիսուսի դէմքը կը լուսաւորուի եւ հագուստները կը փայլին» ըսաւ Սրբազան հայրը նկատել տալով որ այդ մեծ լոյսը, աշակերտները պատրաստեց չարչարանքի գիշերուան։

«Մենք եւս, ըսաւ Ան, կարիքը ունինք լոյսին՝ որ ըլլայ յոյս, դիմագրաւելու համար բազմաթիւ խաւարներ` որոնք մեր վրայ կը ներխուժեն, դիմագրաւելու համար առօրեայ ձախողութիւնները, զանոնք դիմագրաւելու Յիսուսի Յարութեան լոյսով որովհետեւ մեր Աստուածը լոյս է, լոյս որ կը լուսաւորէ մեր հայեացքը, մեր սիրտը, մեր միտքը ու մեր կեանքը։

«Լոյս կը դառնանք ոչ թէ մենք մեզ դնելով լուսարձակներու տակ այլ երբ Յիսուսը կ՜ընկալենք ու կը սորվինք սիրել Անոր նման։ Ահա այս է այն ինչ որ մեզ լուսաւոր կը դարձնէ» ըսաւ Քահանայապետը զգուշացնելով երիտասարդները այդ լոյսը մարելու վտանգէն։

Ունկնդրել

Ունկնդրութեան մասին խօսելով Ֆրանչիսկոս Պապը դարձեալ ակնարկելով պայծառակերպութեան դէպքին նշեց, թէ ինչպէս ամպ մը իջաւ երկինքէն ու ձայն մը աղաղակեց. «Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ, անոր մտիկ ըրէք»։ Այս է այն ինչ որ պէտք է կատարենք քրիստոնեայ կեանքին մէջ, հոն է գաղտնիքը` մտիկ ընել թէ ինչ կ՜ըսէ մեզի Յիսուս։ Եւ այս կարելի է կարդալով Աւետարանը։ Յիսուս ունին յաւիտենական կեանքին խօսքը ու մեզի կը յայտնէ որ Աստուած սէր է։ Մեզի ցոյց կու տայ սիրոյ ուղին։ «Մտիկ ըրէ Յիսուսին եւ զգոյշ եղէք սիրով քօղարկուած եսասիրութենէն» յորդորեց Նորին Սրբութիւնը։

Չվախնալ

Երրորդ բառը «մի վախնաք։ Մի վախնաք։ Ասոնք եղան Յիսուսին աշակերտներուն ուղղած վերջին խօսքերը պայծառակերպութեան օրը « մի վախնաք» (Մատթ 17,7) նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով երիտասարդները չի յուսալքուելու երբ իրենց երազները կը մթագնին զանոնք չիրականացնել կարենալու վախէն, չի մատնուելու յոռետեսութեան, իրենց զիրենք անպէտք զգալէ....

«Ձեզի երիտասարդներուդ որ կ՛ուզէք աշխարհը փոխել եւ կ՛ուզէք պայքարիլ արդարութեան ու խաղաղութեան համար։ Որ կեանքի մէջ յանձնառում ու երեւակայութիւն կը դնէք։ Դուք երիտասարդներ որուն կարիքն ունի Եկեղեցին ու աշխարհը` այնպէս ինչպէս հողը պէտք ունի անձրեւին։ Ձեզի երիտասարդներ որ ներկան ու ապագան էք այո ճիշտ ձեզի երիտասարդները Յիսուսը այսօր կ՛ըսէ «Մի վախնաք» ըսաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց երիտասարդները լռութեամբ կրկնելու «մի վախնաք» բառերը

Մի վախնաք

Ան ապա խօսքը աւարտեց ըսելով թէ ինք կը փափաքի իրենց աչքերուն մէջ նաղիլ եւ ըսել մի վախնաք։ Առ աւելին, յարեց Ան, Յիսուսն է որ ձեզի կը նայի, ան գիտէ ձեր սիրտը, ձեր կեանքը, կը ճանչնայ ձփր ուրախութիւններն ու տխրութիւնները, յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները եւ այսօր Ան` Լիզպոնի մէջ ԵՀՕ առիթոը ձեզի կ՜ըսէ. «Մի վախնաք, մի վախնաք, քաջութիւն, վախ մի ունենաք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2023, 10:39