Որոնել

ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը. Ուրախութիւնը միսիոներական է։ Քալեցէք և, եթէ իյնաք, ոտքի կանգնեցէք;

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին մէկ ու կէս միլիոն երիտասարդներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

ԵհՕ հինգերորդ եւ վերջընթեր օրը` շաբաթ 5 օգոստոսին, Սրբազան Պապը առաւօտուն այցելեց Ֆաթիմայի սրբավայրը իսկ երեկոյեան գլխաւորեց ԵՀՕ Աղօթքի հսկումը, որ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի «Campo da Graça» Թէժօ հրապարակի տարածքին վրայ։

ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը.
ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը.

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին մէկ ու կէս միլիոն երիտասարդ ուխտաւորներ։

Հսկումը բաժնուած էր երկու մասերու` որոնցմէ առաջինին մէջ 21 երկիրներէն յիսուն երիտասարդներ ներկայացուցին երեք նիւթերու վրայ հիմնուած` Հանդիպում, վերականգնիլ եւ հետեւիլ-մեկնիլ, գեղարուեստական յայտագիր մը,  որպէս խորհրդանիշ Տիրամօր Հրեշտակի Աւետումէն ետք կատարած արարքներուն, որ նաեւ բնաբանն է 2023ի` Լիզպոնի ԵՀՕ. «Մարիամ ոտքի ելաւ եւ փութալով գնաց» (Ղուկաս 1,39): Երկրորդ մասը, Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն ուղղած պատգամէն ետքը, նուիրուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան ապաշտամունքին։

ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը.
ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը.

Մինչ ԵՀՕ կը հասնին իրենց աւարտին վերջընթեր օրուայ երեկոյեան այս Հսկումը ուզեց ըլլալ խթան երախտապարտութեան, ապրուած օրերուն համար ու նաեւ` տուն վերադարձին շարունակելու համար ծառայական առաքելութիւնը։ Մարիամին կեանքը փոխուեցաւ հանդիպումով մը` Աւետումի ժամանակ եւ այս մէկը փոխեց համայն մարդկութեան պատմութիւնը։ Մարիամի «այո»ն Աստուծոյ սիրոյ առաջարկին մեզի համար ներշնչում է կատարելու նոյնը, այսինքն մենք մեզ ամբողջութեամբ նուիրելու Տիրոջ, Անոր յանձնելով մեր կեանքը, հրաժարեալով ծրագիրերէ եւ ապահովութիւններէ, որպէսզի դառնանք Անոր գործիքները, Աստուծոյ մեզմէ իւրաքանչիւրիս վերապահած սիրոյ պատմութեան մէջ։

ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը
ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը

Քահանայապետին սրտաբուխ Խօսքը

Թէժօ հրապարակի տարածքին վրայ համախմբուած երիտասարդներուն ուղղած իր սրտաբուխ խօսքին սկիզբը Սրբազան Պապը ըսաւ. «Սիրելի եղբայրներ և քոյրեր, բարի երեկոյ: Որքան հաճելի է տեսնել ձեզ: Շնորհակալութիւն ճանապարհորդելու, քալելու եւ հոս գալու համար։ Մարիամ Աստուածածինը եւս ստիպուած եղաւ ճամբորդել Եղիսաբեթին տեսնելու համար։ Ան «ոտքի ելաւ եւ գնաց՝ առանց յապաղելու (Ղուկաս 1:28-30)։ Ան իմացաւ` որ զարմիկը յղի է ու կատարեց ոչ պարտադիր ժեստ մը. Գնաց` որովհետեւ կը սիրէր, եւ ան որ կը սիրէ կը թռչի կը վազէ եւ կ՛ուրախանայ:

ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը
ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը

Ուրախութիւնը միսիոներական է

Ահա թէ ինչ կ՛ընէ սէրը: Մարիամի ուրախութիւնը կրկնակի է. Ան փոխանակ ինքնիրէն մտածելու մտածեց ուրիշի։ Ի՜նչու։ Որովհետեւ ուրախութիւնը միսիոներական է, ուրախութիւնը միայն մէկու մը համար չէ, զայն պէտք է միւսներուն տանիլ։

Ձեզի հարց կու տամ. Դուք, որ այստեղ էք, եկած էք հանդիպելու, փնտռելու Քրիստոսի պատգամը, կեանքի գեղեցիկ իմաստը, այս մէկը դուք ձեզի համար պիտի պահէ՞ք, թէ պիտի տանիք ուրիշներուն։ Պէտք է զայն տանիք ուրիշներուն, որովհետև ուրախութիւնը միսիոներական է», հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց երիտասարդները միասնաբար կրկնելու. «ուրախութիւնը միսիոներական է», յանձնարարելով այդ ուրախութիւնը տանիլ ուրիշներուն։

ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը
ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը

Ուրախութեան արմատները

«Բոլորս ալ եթէ նայինք մեր ետին, ունեցած ենք մարդիկ՝ որոնք կեանքի յոյսի շող եղած են մեզի համար, ծնողներ, տատիկ պապիկներ, քահանաներ, կրօնուսոյցներ, ուսուցիչներ…, անոնք նման են ուրախութեան ակունքներուն» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց լռութեան մէջ անոնց մտածել` այդ անձերը նկատելով «ուրախութեան արմատներ»։

«Այդ ակունքներէն բխած այդ ուրախութիւնն է, զոր մենք պէտք է պարգեւենք, քանի որ մենք ունինք ուրախութեան արմատներ  ու նոյնպէս կարող ենք ուրիշներու համար դառնալ ուրախութեան արմատներ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով, թէ «ուրախութիւնը չի գտնուիր փակ գրադարաններու մէջ, ան չի դրուիր կղպանքի տակ, ան պէտք է փնտռուի, պէտք է բացայայտուի, պէտք է զայն բացայայտել միւսներուն հետ երկխօսութեան մէջ, որոնց պէտք է փոխանցել այդ ուրախութեան արմատները` զոր ստացանք։

ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը
ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը

Վեր կանգնիլ

Ասիկա յոգնեցուցիչ է եւ երբ յոգնած էք ցանկութիւն չունիք որեւէ բան ընելու, եւ յաճախ կը յանձնուիք ու կը դադրիք քալելէ եւ կ՛իյնաք։ «Ի՞նչ պէտք է ընել։ Վեր կանգնիլ» ըսաւ Քահանայապետը ու մատնանշեց լեռնագնացներու մէկ երգին, որուն մէջ կ՛ըսուի թէ «Լեռ բարձրանալու արւեստին մէջ կարևորը իյնալը չէ, այլ ինկած չմնալը», ընդգծելով, թէ «ան` որ ինկած կը մնայ, կեանքէն «քաշուած» է, փակ է, անյոյս, ու կը մնայ գետին»։ «Ու երբ մենք տեսնենք բարեկամներ, որոնք ինկած են ի՞նչ պէտք է ընենք» հարց տուաւ դարձեալ Նորին Սրբութիւնը ու պատասխանեց «Զայն պէտք է ոտքի կանգնեցնենք» ապա յիշեցուց` թէ« մարդ մը իրաւունք ունի այլ մարդու մը վերէն վար նայելու միայն այն պահուն երբ անոր կ՛օգնէ վերստին ոտքի կանգնելու»։

ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը
ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը

Կազմաւորում

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը  ակնարկեց ոտնագունդի խաղին ու նշեց թէ «կոլ» ի մը ետին կայ մեծ յանձնառում, կազմաւորում, վարժութիւն ու հրաւիրեց քալել ու մարզուիլ, նշելով` որ «մասնաւոր դասընթացք մը չկայ կեանքին մէջ քալելու համար ու թէ այդ մէկը կը սորվինք ծնողներէն, մեր հայրերէն ու մայրերէն, բարեկամներէն, մէկը միւսին ձեռքը բռնելով»։

ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը
ԵՀՕ Աղօթքի Հսկումը

Քալեցէք և եթէ իյնաք, ոտքի կանգնեցէք;

«Ես ձեզի կը թողում այս գաղափարով. Քալեցէք և, եթէ իյնաք, ոտքի կանգնեցէք; Քալել նպատակ ունենալով ամէն օր մարզուիլ։ Կեանքին մէջ ոչ մէկ բան անվճար է։ Ամէն ինչ վճարովի է։ Կայ միայն մէկ անվճար բան՝ Յիսուսին սէրը: Ուրեմն այս ձրի բանով, որ ունինք (Յիսուսի սէրը) և քալելու ցանկութեամբ, քալենք յոյսով, նայինք մեր արմատներուն և յառաջ ընթանաք՝ առանց վախի, առանց վախի։ Մի վախնաք» շեշտեց Սրբազան Պապը ու խօսքը աւարտեց ըսելով . «Շնորհակալութիւն։ Ցտեսութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2023, 22:28