Ներումը թթուածինն է` որ կը բիւրեղացնէ ատելութենէն ապականած օդը. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօրուայ Աւետարանը մեզի կը խօսի ներումի մասին»։ Այսպէս սկսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը կիրակի 17 Սեպտեմբերի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը, զոր Ան սովորութեան համաձայն ներկայացուց իր գրասենեակի պատուհանէն, ս. Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, նախ քան Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանելը։
Քանի՞ անգամ ներել
Մեկնաբանելով օրուան Մատթէոս Աւետարանիչէն (Հմմտ. Մատթ.18,21-35) քաղուած Աւետարանական հատուածը Քահանայապետը նշեց` թէ «Սուրբ Պետրոսը Յիսուսին հարց կու տայ. «Տէր քանի՞ անգամ պէտք է ներեմ եղբայրս, եթէ ան մեղանչէ ինծի դէմ։ Մինչեւ ե՞օթը անգամ»։
«Թիւ եօթն, բացատրեց Ֆրանչիսկոս Պապը, Աստուածաշունչին մէջ կատարելիութեան նշան է, եւ Պետրոս իր այդ հարցումով առատաձեռն գտնուեցաւ»։
«Յիսուս սակայն անոր կը պատասխանէ. «Չեմ ըսեր մինչեւ եօթը այլ եօթանասուն անգամ եօթը»։ Ան ըսել ուզեց` որ երբ ներում կը տրուի պէտք չէ հաշիւ ընել, ու թէ միշտ ալ լաւ է ներել ամէն բան եւ մշտապէս։ Այնպէս ինչպէս Աստուած մեր հետը կ՛ընէ ու այնպէս ինչպէս կոչուած է ընելու ան` որ կը մատակարարէ Աստուծոյ ներումը` ներել միշտ», ըսաւ Քահանայապետը։
Աստուած կը ներէ միշտ առանց հաշիւի
«Յիսուս առ այդ այս մէկը կը բացատրէ առակի մը միջոցաւ։ Թագաւոր մը տասը հազար տաղանդի պարտական ծառային կը ներէ իր պարտքը։ Մեծ գումար մը` զոր ան պիտի չկարենար վճարել, նոյնիսկ եթէ համայն կեանքը աշխատէր, բայց այդ տէրը, որ մեր Երկնային Հօր կը նմանի, խղճալով անոր վրայ կը ներէ զինք։ Ետքը սակայն այդ ծառան, որուն պարտքը ներուած էր, ոչ մէկ ողորմութիւն ցոյց կու տայ հանդէպ բարեկամին, որ իրեն հարիւր դահեկան պարտք ունէր։ Այս գումարն ալ կարեւոր էր, հաւասար էր երեք ամսուայ աշխատավարձի, բայց երբեք կարելի չէր զայն բաղդատել առաջինին հետ» յարեց Նորին Սրբութիւնը։
Յիսուսի պատգամը յստակ է. Աստուած կը ներէ առանց հաշիւի։ Ան կը գործէ սիրոյ եւ ձրիութեան հիման վրայ։ Մենք չենք կարող մեր պարտքը վճարել անոր, բայց այն ատեն երբ մեր կարգին ներենք մեր եղբօրը կամ քրոջը, զայն ընդօրինակած կ՛ըլլանք։ Ներելը ուստի բարի արարք մըն է` անիկայ քրիստոնեային համար հիմնական պայման մըն է։
Իրար ներենք փոխադարձաբար
Մեզմէ իւրաքանչիւրս արդարեւ ներուած է. Աստուած իր կեանքը տուաւ մեզի համար եւ ոչ մէկ ձեւով մենք կարող ենք փոխհատուցել Անոր ողորմութիւնը։ Սակայն համապատասխանելով անոր այդ ձրի պարգեւին, այսինքն իրար զիրար ներելով փոխադարձաբար, մենք կարող ենք վկայութիւն տալ անոր, նոր կեանք սերմանելով մեր շուրջը։
«Ներումէն դուրս արդարեւ չկայ յոյս. Ներումէն դուրս չկայ խաղաղութիւն։ Ներումը թթուածինն է`որ կը բիւրեղացնէ ատելութենէն ապականած օդը, հակաթոյնն է` որ կը բուժէ ոխերմութեան թոյնը, ճանապարհն է` թուլացնելու զայրոյթը եւ բուժելու ընկերութիւնները կեղտոտող սրտին շատ մը հիւանդութիւնները» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու. «ես կը հաւատա՞մ` որ Աստուծմէ ստացայ ներումի անսահման պարգեւը։ Ուրախութիւն կը զգա՞մ գիտակցելով` որ Ան միշտ պատրաստ է ինծի ներելու երբ կը սայթաքիմ, նոյնիսկ երբ ուրիշները չեն ընէր այդ մէկը, նոյնիսկ երբ ես ալ չեմ կարող ներել ես ինծի։ Ապա. Ես ալ գիտե՞մ ներել անոր, որ ինծի չարիք ըրաւ»։
«Այս առնչութեամբ կ՛ուզեմ ձեզի առաջարկել երկու վարժութիւն. «Փորձենք մտաբերել անձ մը, որ մեզ վիրաւորեց ու Տիրոջմէ հայցենք ուժը ներելու անոր։ Ապա ներենք զայն Տիրոջ սիրոյն համար։ Այս մէկը մեր սրտին անդորրութիւն պիտի տայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խորհրդածութիւնը աւարատեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիմաին` Ողորմութեան Մօր օգնութիւնը, ոպրէսզի «օգնէ մեզի ընկալելու Աստուծոյ շնորհքը ու ներելու իրար զիրար»։