Եղէ՛ք Աստուծոյ մասնագէտները աղօթքի եւ գթութեան մէջ․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց այսօր՝ 18 Սեպտեմբերին Յիսուսի Սիրտին Մշակներ (Rogazionisti del Cuore di Gesù) եւ Աստուածային Նախանձախնդրութեան Դուստրեր քոյրերու (Suore Figlie del Divino Zelo) միաբանութիւններու անդամները անոնց Վարչական Ընդհանուր Ժողովներուն առթիւ։
«Դուք հնարաւորութիւն ունեցաք անդրադառնալ այնպիսի նիւթերու, որոնք են՝ նուիրաբերութիւնը, շնորհապարգեւի ինքնութիւնը, եղբայրական հաղորդութիւնն ու առաքելութիւնը, կրօնական կեանքի հիմնարար բնոյթները, որոնց ուսումնասիրութիւնը կը պահանջէ լսելու եւ զատորոշելու կարողութիւն, […], եւ քաջութեան լաւ չափաբաժին՝ այսօր ալ շարունակելու համար հաւատարիմ մնալ Ֆրանսայի Սուրբ Հանիպալի սկզբնական ոգեշնչումին», ըսաւ Սրբազան Պապը իր պատգամին սկիզբը։
Ու շարունակելով խօսիլ վերոնշեալ Միաբանութիւններու հիմնադիր Սուրբի` Հանիպալի մասին Ան նշեց, որ «աղօթքը կարմիր թելն է, որ անց կը կենայ անոր կեանքի ընդմէջէն» եւ յղում կատարեց անոր խօսքերուն. «Առանց այս ներքին կրակի, որ կը կոչուի հոգեւոր կեանք, աղօթք, ապաշխարութիւն […] իրապէս լաւ ոչ մէկ գործ հնարաւոր է ստեղծել»:
Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ ապա Սուրբի համար ոգեշնչումի աղբիւր հանդիսացած Մատթէոս Աւետարանէն քաղուած այն հատուածին, ուր Յիսուս կ’ըսէ «Հունձքը առատ է, բայց մշակները քիչ։ Արդ՝ աղաչեցէք հունձքի Տիրոջը, որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար» (9,37-38), աւելցնելով, որ Հանիպալ հասկըցած էր, որ առաջին հերթին պէտք է աղօթել Աստուծոյ, որպէսզի թոյլ տայ իրեն աւելիով խորասուզուիլ Անոր հայրական եւ մայրական սիրոյ մէջ, եւ սորուիլ ՝ աղօթելով, զգայուն ըլլալ Անոր որդիներու կարիքներու նկատմամբ: Այդ աղօթքներէն, որ հոգին են Ձեր Հիմնադիրի ողջ առաքելական եւ գթասիրական գործունէութեան, ծնած են ձեր Միաբանութիւնները», յարեց Նորին Սրբութիւնը։
Ան ապա ներկաներուն նորոգեց Սուրբ Պօղոս Զի՝ Յիսուսի Սիրտին Մշակներ միաբանութեան ուղղած հրաւէրը՝ «Եղէ՛ք Աստուծոյ մասնագէտներ», ընդգծելով միաժամանակ, որ պէտք է Աստուծոյ մասնագէտներ ըլլալ «աւելի շատ ոչ թէ որպէս վիճակագրական տուեալներու եւ տեսութիւններու ուսումնասէրներ, այլեւ՝ աղօթքի եւ գթութեան արուեստի մասնագէտներ՝ ձեռքերը միացնելով Աստուծոյ առջեւ եւ ձեռքերը պարզելով դէպի եղբայրները»: