Որոնել

Մոնկոլիա` Միջկրօնական հանդիպում. «Այստեղ միասին մեր գտնուիլը նշան է` որ յոյսը կարելի է» Ֆրանչիսկոս Պապ

«Թող աղօթքները, որոնք մենք կը բարձրացնենք դէպի երկինք, և եղբայրութիւնը, որը մենք կ՛ապրինք երկրի վրայ, յոյս սնուցանեն. թող անոնք ըլլան պարզ ու վստահելի վկայութիւնը մեր կրօնականութեան, հայեացքը դէպի վեր ուղղուած միասին քալելուն, աշխարհին մէջ ներդաշնակ ապրելուն, որպէս ուխտաւորներ, որոնք կոչուած են պահպանել տան մթնոլորտը բոլորի համար»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Մոնկոլիայի ճամբորդութեան երրորդ օրուայ պաշտօնական յայտագիրը սկիզբ առաւ Կիրակի 3 սեպտեմբերի առաւօտեան տեղական ժամով 9,30ին (Հռոմի ժամով 3,30) Նորին Սրբութեան «Hun Theatre» ին մէջ ունեցած համամիութենական ու միջկրօնական հանդիպումով, որուն մասնակցեցան Մոնկոլիայի քոյր եկեղեցիներու ու այլ կրօններու ներկայացուցիչները։

Հանդիպումի վայր «Hun Theatre»ը

Հանդիպման վայր ժամանելուն Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Առաքելական Կառավարիչի ու կրօնական ղեկավարի մը կողմէ հուսկ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն սկիզբը Քահանայապետին բարի գալուստի խօսք ուղղեց կրօնական ղեկավար մը, որմէ ետք տեղի ունեցան տասը կրօններու ներկայացուցիչներու պատգամներու ընթերցումը, որոնց յաջորդեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը։

Յայտնենք որ հանդիպումին վայր «Hun Theatre»` թատերասրահ մըն է, որ կառուցուած է «կէրի» ձեւով, այսինքն Ասիական ցամաքամասի քոչւոր ժողովուրդներու հնագոյն տուներու նմանութեամբ` կլորաձեւ ու առաստաղին կեդրոնը բացուածքով։

Եկած եմ որպէս եղբայր

Ներկաներուն ուղղած իր պատգամին սկիզբը Սրբազան Պապը յայտնեց թէ ինք եկած է որպէս «եղբայր»` ապա ակնարկելով Մոնկոլիայի պարզ ու կապոտ Երկինքին` որ կը գրկէ «հսկայական և տպաւորիչ երկիրը՝ արթնցնելով մարդկային կեանքի երկու հիմնարար չափանիշերը՝ երկրայինը՝ կազմուած ուրիշների հետ յարաբերութիւններէ, և երկնայինը՝ որ կազմուած է Բարձրեալի որոնումով», Քահանայապետը հաստատեց` որ «Մոնկոլիան մեզի բոլորիս ուխտաւորներ և ճանապարհորդներ, կը յիշեցնէ վեր նայելու անհրաժեշտութիւնը, երկրի վրայ ճանապարհորդութեան երթուղին գտնելու համար»։

Ընտրել երկխօսութեան ու հանդիպումի ճամբան

Ան ապա ուրախութիւն յայտնելով անոնց միջեւ գտնուելուն համար ու շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին` հաւաքին ներկայ գտնուելուն համար, ընդգծեց թէ «այս վայրին մէջ միասին գտնուիլը ինքնիր մէջ պատգամ է» ու թէ` եթէ «պետութիւններու պատասխանատուները ընտրէին հանդիպումի եւ երկխօսութեան ճամբան», անոնք «վճռական ներդրում պիտի ունենային հակամարտութիւնները դադրեցնելու գործին մէջ, որոնք կը շարունակեն տառապանք պատճառել շատ մը ժողովուրդներուն»:

Ներդաշնակութիւնը

Քահանայապետը ակնարկեց ապա, թէ այս հանդիպումի հնարաւորութիւնը ընձեռնած է սիրելի մոնկոլ ժողովուրդը, որ «կարող է պարծենալ` տարբեր կրօնական աւանդութիւններու ներկայացուցիչներու համակեցութեան պատմութեամբ», այդ համակեցութիւնը որակելով «ներդաշնակութիւն» ու շեշտը դնելով այս բառին վրայ։

«Եղբայրներ, քոյրեր, որքանով` որ մենք կը կարողանանք երկրի միւս ուխտաւորներուն հետ ներդաշնակուիլ եւ այնքանով, որ յաջողինք ներդաշնակութիւն տարածել այնտեղ ուր կ՛ապրինք, կը չափուի մեր կրօնականութեան ընկերային արժէքը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ կարելի է «իւրաքանչիւր կրօն ու մարդկային կեանք չափել անձնուիրութեան չափանիշով», որովհետեւ «այնտեղ ուր ներդաշնակութիւն կայ, կայ հասկացողութիւն, բարեկեցութիւն ու գեղեցկութիւն»։

Կրօններուն ներդաշնակութիւն տարածելու առաքելութիւնը

«Կրօնները կոչուած են աշխարհին նուիրելու այս ներդաշնակութիւնը` զոր թէխնիքական զարգացումը կարող չէ պարգեւել ու մենք այստեղ հաւաքուելով եւ իրար հանդիպելով` յանձնառու ենք բաժնեկցելու բարին, որ ընդունեցանք, հարստացնելու համար մարդկութիւն մը, որ իր ճանապարհորդութեան ընթացքին յաճախ ապակողմնորոշուած է շահոյթի և բարեկեցութեան անհեռատես ձգտումներով» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ, «Ասիան շատ բաներ ունի նուիրելիք այս ուղղութեամբ եւ Մոնկոլիան, որ կը գտնուի այս ցամաքամասի սրտին մէջ, կը պահպանէ իմաստութեան մեծ ժառանգութիւն մը, որուն ստեղծումին սատարեցին այստեղ տարածուած կրօնները»։

Մոնղոլական արժէքները

Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը ներկայացուց Մոնկոլիայի մէջ ապրուած արժէքները` աւանդութեան հետ լաւ յարաբերութիւնը, տարեցներուն ու նախնիքներուն նկատմամբ յարգանքը, բնութեան` հասարակաց տան պահպանումը, ապա լռութեան ու ներքին կեանքի արժէքը, հիւրընկալութիւնը, իրերու կաշկանդուելու դիմակայելու կարողութիւնը, զօրակցութիւնը, ու պարզ բաները գնահատելը...հուսկ անհատի ու հասարակաց բարիքին որոնումը։

Այնտեղ ուր «կէր» մը կայ, կայ կեանք

Սրբազան Պապը մատնանշեց ապա Մոնղոլական աւանդական տունին` վրանին, որ տեղական բարբառով կոչուած է «կէր», ու ասկէ մեկնելով նշեց թէ անիկա ընտանեկան կեանքին վայրն է, ուր գոյութիւն ունի բարեկամական համակեցութիւնը, հանդիպումն ու երկխօսութիւնը եւ ուր միշտ տեղ կայ ուրիշին։

«Անիկա ապա շօշափելի յղման կէտ է, որ դիւրութեամբ կարելի է ճանչնալ մոնղոլական տարածքի հսկայական տարածութիւններուն մէջ։ Անիկա յոյսի պատճառ է` անոնց համար, որոնք կորսնցուցած են ճանապարհը» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «այնտեղ ուր «կէր» մը կայ, կայ կեանք», եւ շարունակեց. «Անիկա միշտ բաց է, պատրաստ ընկալելու բարեկամը, բայց նաեւ ճամբորդը, ու նոյնիսկ օտարականը» ու «այս եղաւ նաեւ կաթողիկէ միսիոներներու փորձառութիւնը» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը, մատնանշելով, թէ ինչպէս անոնք ընկալուեցան` որպէս ուխտաւորներ եւ հիւրեր, ու կարելիութիւնը ունեցան ներկայացնելու Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին վկայութիւնը։

Բացուածք աստուածայինին

«Կէրը ապա էական բացուածք կը յառաջացնէ աստուածայինի հանդէպ, որ ներկայացուցած է անոր առաստաղի կեդրոնը գտնուող բացուածքով դէպի բարձունքը, որտեղէն մուտք կը գործէ լոյսը, որ իր արձակած շուքերով ու լոյսերով կը նշէ օրուան ու գիշերուան ժամերը, նշանակելու համար, որ անցնող ժամանակի իմաստը կու գայ երկինքէն եւ ոչ թէ երկրային գործունէութիւններու հոսքէն» դիտել տուաւ Քահանայապետը, որ ապա շեշտը դրաւ կրօններու պատասխանատու դերակատարութեան վրայ` խթանելու ներդաշնակութիւնը ու յանձնառու ըլլալու ի սպաս արդարութեան եւ խաղաղութեան, խուսափելով հաւատքի ու բռնութեան միջեւ շփոթութիւնէ, այս ուղղութեամբ հրաւիրելով անցեալի տառապանքի յիշողութեամբ ուժ գտնել վէրքերը վերածելու լոյսի, բռնութիւնը` կեանքի իմաստութեան, փճացնող չարը` կառուցող բարիի։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառումը ի սպաս երկխօսութեան

«Կաթողիկէ Եկեղեցին կ՛ուզէ քալել վճռականապէս հաւատալով համամիութենական, միջկրօնական ու մշակութային երկխօսութեան, ապրելով իր Վարդապետի ծառայութեան հոգիով` որ աշխարհ եկաւ ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով նաեւ, որ «Մենք ունինք միասնական ծագում` որ բոլորին կու տայ միեւնոյն արժանապատուութիւնը եւ ունինք բաժնեկցուած ուղեւորութիւն` որուն վրայէն չենք կրնար քալել եթէ ոչ միասին, ապրելով միեւնոյն երկնքի տակ, որ մեզ կը պարուրէ եւ կը լուսաւորէ»։

Յոյսը կարելի է

«Այստեղ միասին մեր գտնուիլը նշան է` թէ յոյսը կարելի է»` եւ աշխարհի մը մէջ յօշոտուած պայքարներէ ու անհամաձայնութիւններէ, այս մէկը գուցէ անիրագործելի թուայ, բայց եւ այնպէս մեծ ծառը կը ծնի փոքրիկ սերմէն, թաքնուած հողին մէջ, նկատել տուաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց «ծաղկեցնել այն վստահութիւնը` թէ ապարդիւն չեն այն միասնական ջանքերը` որոնք միտուած են երկխօսութեան ու աւելի լաւ աշխարհի կառուցումին», մէջբերելով Քիերքեկար փիլիսոփային խօսքերը. «Իւրաքանչիւրը հիանալի եղաւ ըստ իր յոյսին: Մէկը մեծ յոյս ունէր հնարաւորի վրայ. ուրիշը՝ յաւերժութիւն յոյսով էր, բայց ան` որ յոյս ունէր անհնարինի վրայ, անիկա բոլորէն մեծն էր»:

«Թող աղօթքները, որոնք մենք կը բարձրացնենք դէպի երկինք, և եղբայրութիւնը, որը մենք կ՛ապրինք երկրի վրայ, յոյս սնուցանեն. թող անոնք ըլլան պարզ ու վստահելի վկայութիւնը մեր կրօնականութեան, հայեացքը դէպի վեր ուղղուած միասին քալելուն, աշխարհին մէջ ներդաշնակ ապրելուն, որպէս ուխտաւորներ, որոնք կոչուած են պահպանել տան մթնոլորտը բոլորի համար» եղաւ Սրբազան Պապին վերջին յորդորը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2023, 05:30