«Թող զէնքերը լռեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը
Կոչս կ՛ուղղեմ ներգրաւուած բոլոր կողմներուն եւ միջազգային հասարակութեան որպէսզի լռեն զէնքերը եւ ի գործ դրուի ամէն ջանք` գտնելու համար խաղաղ լուծումներ, մարդոց բարիքին ու մարդկային արժանապատւութեան յարգանքին համար»
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Չորեքշաբթի 20 սեպտեմբերին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը հանդէս եկաւ Արցախի մէջ հրադադարի կոչով ու խնդրեց դիմել խաղաղ լուծումներու ու յարգել մարդկային արժանապատւութիւնը։
«Երէկ ինծի մտահոգիչ լուրեր հասան Լեռնային Ղարաբաղէն` հարաւային Կովկասի շրջանէն, ուր արդեն կար ճգնաժամային մարդասիրական իրավիճակ որ այժմ ծանրացած է յաւելեալ զինեալ բախումներու բերումով։
Կոչս կ՛ուղղեմ ներգրաւուած բոլոր կողմներուն եւ միջազգային հասարակութեան, որպէսզի լռեն զէնքերը եւ ի գործ դրուի ամէն ջանք` գտնելու համար խաղաղ լուծումներ, մարդոց բարիքին ու մարդկային արժանապատւութեան յարգանքին համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը:
20/09/2023, 10:05