Որոնել

++ Ucraina: Papa, Dio ci porti su strada di pace duratura ++

«Իւրաքանչիւր պատերազմ միայն մահուան ճանապարհ է» Ֆրանչիսկոս Պապին գրառումը խաղաղութեան միջազգային օրուան առիթով

«Պատերազմով մենք բոլորս պարտուած ենք! Նոյնիսկ անոնք, որոնք անոր մաս չի կազմեցին, և անոնք որոնք` մնացին ամօթալի անտարբերութեան մէջ, դիտելով այս սարսափը՝ առանց միջամտելու խաղաղութիւնը հաստատելու համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սեպտեմբեր 21-ին կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէ հռչակուած «Խաղաղութեան միջազգային օրը», որ  նուիրուած է աշխարհի  խաղաղութեանը եւ աշխարհի մէջ  պատերազմի ու բռնութիւններու բացառումին: Օրը առաջին անգամ նշուած է 1982 թուականին։  

Օրուան նշման առթիւ ՄԱԿ-ի Նիու Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ կը հնչէ  այնտեղ  զետեղուած  խաղաղութեան զանգը, որ պատրաստուած է աշխարհի բոլոր աշխարհամասերէ՝ բացի  Ափրիկէէն, երեխաներու նուիրաբերած մետաղադրամներով, ու նուէրն է Ճափոնին՝ որպէս խորհրդանիշ «պատերազմի մարդկային կորուստներու յիշատակութեան»: Զանգի վրայ զետեղուած է հետեւեալ գրութիւնը. «Երկար կեանք` աշխարհի մէջ  բացարձակ խաղաղութեան»:

Խաղաղութեան միջազգային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քահանայապետական «Էքս» ցանցի վրայ հրապարակեց հետեւեալ գրառումը.

«Պատերազմէն վիրաւոր մանուկներուն, կիներուն ու մարդոց աղաղակը կը բարձրանայ դէպի Աստուած, որպէս յուզիչ աղօթք` Հօր սրտին համար։ Իւրաքանչիւր պատերազմ միայն մահուան ճանապարհ է, որ խաբկանք է որոշ մարդոց համար` որ իրենք զիրենք յաղթող կը նկատեն։ #Խաղաղութիւն»։

Այս խօսքերը քաղուած են անցեալ տարուայ դեկտեմբերին հրատարակուած «Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան նուիրուած հովուական թուղէէն» որուն մէջ հաւաքուած են Ֆրանչիսկոս Պապին միջամտութիւնները Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած պատերազմի վերաբերեալ։

Այնտեղ Քահանայապետը ի միջի այլոց կը գրէ. «Պատերազմով մենք բոլորս պարտուած ենք! Նոյնիսկ անոնք, որոնք անոր մաս չի կազմեցին, և անոնք որոնք` մնացին ամօթալի անտարբերութեան մէջ, դիտելով այս սարսափը՝ առանց միջամտելու խաղաղութիւնը հաստատելու համար»։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2023, 12:30