Ֆրանչիսկոս Պապ. «Երկնային բժիշկէն քաղել բարութիւն եւ համբերութիւն»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի դեղարանի պատասխանատուներն ու պաշտօնեաները, դեղարանի հիմնադրութեան 150-րդ ամեակի առթիւ։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը յիշեց, որ դեղարանի իրագործումը Գրիգոր ԺԶ Պապին երազն էր զոր իրականացուց երանելի Պիոս Թ Պապը, յանձնելով այդ պաշտօնը «Աստուծոյ Սուրբ Յովհաննէս Հիւանդանոց» միաբանութեան մեծաւորին։
Սրբազան հայրը Վատիկանի դեղարանի պատմութեան ընդհանուր անդրադարձ կատարելէ ետք ակնարկեց դեղարանին առկայ ժամանակուան մէջ կարեւոր դերակատարութեան նշելով, որ դեղարանը յատկանշուած է, ոչ միայն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին մատուցած ծառայութեամբ այլեւ նաեւ որովհետեւ կանչուած է յաւելեալ եղբայրսիրութեան, ոչ միայն յատկանշուելով դեղեր վաճառելու մէջ այլ դիւրաբեկ անձերու մօտիկութիւն ցուցաբերելով եւ դեղեր մատուցանելով դժուար կացութեան մէջ գտնուող անձերուն։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Fatebenefratelli միաբանութեան, համագործակիցներուն, պաշտօնեաներուն, անոնց նուիրուածութեան ու կատարած պարտականութեան համար, որ յաճախ իրականացուած են դժուար պայմաններու մէջ ՝օրինակի համար համաճարակի օրերուն։
«Ձերը արհեստ չէ այլ առաքելութիւնն է« ըսաւ Սրբազան Հայրը քաջալերելով Վատիկանի դեղարանի պաշտօնեաները յառաջ երթալու վեհանձնութեամբ ու համբերութիւն ունենալու յիշելով որ համբերութիւնը, սիրոյ աղբիւրն է ։
«Հիւանդներու մատուցած ծառայութիւնը, Յիսուսի մատուցած ծառայութիւն է։ Գեղեցիկ է երկնային բժիշկէն քաղել համբերութիւն ու բարութիւնը, ինչպէս նաեւ սիրելու ուժը, առանց յոգնելու» ըսաւ Սրբազան հայրը։ Ան ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։