Ֆրանչիսկոս Պապ Տիրամօր նուիրեց Մարսիլիա կատարելիք ճամբորդութիւնը
Ֆրանչիսկոս Պապ ինչպէս միշտ առաքելական ճամբոդութիւն կատարելէ առաջ այցելեց Հռոմի Մարիա Մաճորէ տաճարը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
22 եւ 23 սեպտեմբերին,“Rencontres Méditerranéennes” փառատօնին առիթով Մարսիլիա կատարելիք ճամբորդութեան ի տես, Երեքշաբթի, 19 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի Մարիա Տաճար, լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
Նորին Սրբութիւնը ինչպէս միշտ նախ քան առաքելական ճամբորդութիւնը, այցելեց Հռոմի Մարիա Մաճորէ տաճարը, Տիրամօր նուիրելու համար դէպի Մարսիլա կատարելիք առաքելական այցելութիւնը։
Տիրամօր նուիրուած Տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց Հռոմի Սալուս Փոփուլի Տիրամօր արձանին առջեւ յանձնելով Մարսիլիա կատարելիք առաքելական ճամորդութիւնը։ Աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսոս Պապ վերադարձաւ Վատիկան։
19/09/2023, 12:16