Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ապրիլ եւ մայիս ամիսներուն ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորելիք արարողութիւններուն օրակարգը

26 մայիսին, Սուրբ Երրորդութեան տօնին օրը, որ է նաեւ Մանուկներու համաշխարհային Օր, առաւօտեան ժամը 10.30ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած է Սուրբ պատարագ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Այսօր՝ 12 ապրիլին, Քահանայապետական ծիսակատարութեան գրասենեակը հրապարակեց ապրիլ եւ մայիս ամիսներուն, Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորելիք արարողութիւններուն օրակարգը։

Հաղորագրութեան համաձայն, 28 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Իտալիոյ Վենետիկ կղզիին։  Ապա Մայիս 9ին, Տիրոջ համբարձման տօնին օրը, յետմիջօրէի ժամը 5,30ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ պիտի ընթերցէ եւ յանձնէ 2025 յոբելինական Սուրբ Տարուան հռչակման կոնդակը եւ պիտի նախագահէ ժամասացութեան արարողութեան։

Հոգեգալսեան տօնին օրը, Կիրակի, 19 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10ին, Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ։ Ապա՝ 26 մայիսին, Սուրբ Երրորդութեան տօնին օրը, որ է նաեւ Մանուկներու համաշխարհային Օր, առաւօտեան ժամը 10.30ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած է Սուրբ պատարագ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2024, 12:00