Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Փոքրիկ եղբայրներ հասարակութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Փոքրիկ եղբայրներ հասարակութեան անդամները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Փոքրիկ եղբայրներ» հասարակութեան

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Լա Վերնա գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող Փոքրիկ եղբայրներ հասարակութեան անդամները ու անոնց ուղղեց պատգամ մը որուն առանցքը եղաւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Յիսուսի կողմէ ստացած սպիներու շնորհքը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 5 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Թոսքանա մարզին «Լա Վերնա» գիւղաքաղաքի մէջ գտնուող «Փոքրիկ եղբայրներ» հասարակութեան անդամները, 14 սեպտեմբեր, 1224 թուականին Վերնա գիւղաքաղաքին մէջ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի սպիներու ստացման 8րդ դարադարձին առիթով։ Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի արեան մասունքը բերելնուն համար, զոր « Ուխտագնացութեան մէջ է տարբեր հասարակութիւններուն մէջ յիշելու համար «Աղքատ եւ Խաչեալ Քրիստոսի կերպարանաւորումի կարեւորութիւնը»։ (TOMMASO DA CELANO, Vita Seconda, n. 105).

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացուց Յիսուսի վէրքերու հետքերուն վրայ ըսելով, «Յիսուսի առաքեալը, Քրիստոսի վէրքերը կրած Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մէջ կը տեսնէ իր ինքնութեան հայելին... ու հաւատացեալը կը պատկանի կենդանի Մարմնին, Յիսուս Քրիստոսին, զոր է եկեղեցին ու այս պատկանելիութիւնը ոչ թէ անուանական է, այլ իրական։

Յիսուսի վէրքերուն հետքը  Ֆրանչիսկեաններուն կեանքին մէջ

Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Սուրբ Ֆրանչիսկոսի այն հրաւէրը կազմելու իրարու միջեւ եւ պատմութեան մէջ միութիւն։ Նշեց որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի սպիները հրաւէր է դառնալու էականին՝ կեանքին մէջ, կազմաւորումի ուղեգիծերու մէջ, առաքելական գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ դառնալու ներողներ, եղբայրութեան մէջ համեստներ... Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց յոբելինական Սուրբ Տարուան մէջ իրենց եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան եկեղեցւոյ մէջ բերելու Յիսուսի այն սէրը զոր Զինք մղեց մեռնելու մեզի համար խաչին վրայ ։ Մաղթեց որ Յիսուսի հետ մտերմութիւնը, ինչպէս պատահեցաւ Ֆրանչիսկոսի Հետ, բոլորը դարձնէ հեզ, միացած, ուրախ, խաչի սիրողներ, աղքատներուն հանդէպ ուշադիր, խաղաղութեան վկաներ, յոյսի մարգարէներ, «այս ժամանակաշրջանին մէջ, որ կը պայքարի ճանչնալու Յիսուսի Ներկայութիւնը» ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով ներկաները որ Իրենց նուիրեալ կեանքով միշտ դառնան նշան եւ վկայութիւն Աստուծոյ Արքայութեան զոր կ՝ապրի եւ կ՝աճի մարդոց մէջ։

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը աւարտեց, հրաւիրելով աղօթելու Ինք պատրաստած Սուրբ Ֆրանչիսկոսի նուիրուած Աղօթքը՝ «ապաշխարութեան բեղուն շնորհքը ստանալու համար»։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2024, 10:24