Որոնել

>>>ANSA/Ratzinger Papa emerito,la coabitazione col successore

Պենետիկտոս ԺԶ-ի մասին յիշատակներով Ֆրանչիսկոս Պապին հարցազրոյց գիրքը

Լոյս կը տեսնէ լրագրող Խավիէ Մարթինէզ-Պրոքալի «El Sucesor» տիտղոսը կրող «Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հարցազրոյց գիրքը որուն մէջ Քահանայապետը կը խօսի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի մասին հաստատելով. «Ինձ համար Ան հայր էր»

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժամունք

Պենետիկտոսը մեծ բարութեամբ մարդ էր։ Որոշ դէպքերու պարագային ոմանք իրմէ օգտուեցան, գուցէ առանց չարութեան, սահմանափակելով անոր շարժումները։ Ցաւօք, կերպով մը զայն շրջապատած էին։ Շատ նուրբ մարդ էր, բայց թոյլ չէր, ուժեղ էր։ Բայց իր հանդէպ խոնարհ էր եւ կը նախընտրէր չպարտադրել ինքզինք։ Այնպէս որ, ան շատ չարչարուեցաւ»: Խօսքեր են ասոնք որով Ֆրանչիսկոս Պապը կը յիշէ իր նախորդը` Պենետիկտոս ԺԶ հարցազրոյց գիրքի մը մէջ, որուն հեղինակն է լրագրող Խավիէ Մարթինէզ Պրոքալը եւ կը կրէ “El Sucesor” տիտղոսը, որ լոյս պիտի տեսնէ 3 ապրիլին։

«Ան համբերատար էր, ինծի թոյլ տուաւ աճիլ։ Եւ երբ բան մը յստակ չէր իրենց համար ան երեք չորս անգամ կը խորհէր անոր մասին նախ քան ինծի փոխանցելը։ Ան թոյլ տուաւ որ աճիմ եւ որոշումներ առնելու ազատութիւն տուաւ» կը բացատրէ Ֆրանչիսկոս Պապը խօսելով իր ու Պենետիկտոս ԺԶ Պապի միջեւ Վատիկանի մէջ տասը տարուած համակեցութեան մասին ու նաեւ իրենց միջեւ սերտ համագործակցութեան մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապը նաև յիշեց նաեւ Պենետիկտոսէն իր հրաժեշտի հանգամանքները՝ չորեքշաբթի 2022 թուականի դեկտեմբերի  28-ին, երբ վերջին անգամ զինք տեսաւ ողջ. «Պենետիկտոսը պառկած էր անկողին։ Ան դեռ գիտակից էր, բայց չէր կրնար խօսիլ։ Ինծի կը նայէր, ձեռքս կը սեղմեր, կը հասկնար ըսածս, բայց չէր կարող ոչ մի բառ արտաբերել։ Ես այդպէս մնացի անոր մօտ՝ նայելով անոր ու բռնելով անոր ձեռքը։ Ես յստակ կը յիշեմ անոր պարզ աչքերը... մի քանի խօսք ուղղեցի անոր գուրգուրանքով և օրհնեցի զայն։ Այսպէս է որ հրաժեշտ տուինք իրար»։

Սրբազան Պապը հաստատեց նաեւ թէ իւրաքանչիւր Քահանայապետութեան մէջ կայ շարունակականութիւն մը որ յատկանշուած է նաեւ տարբերութեամբ։ Իւրաքանչիւր Քահանայապետ իր հետ կը բլրէ անձնական խարիզմը։

Ֆրանչիսկոսը պատմեց նաեւ թէ Պենետիկտոսը զինք պաշտպանած է մի քանի Կարդինալներու դիմաց որոնք զինք մեղադրած էին ամուսնութեան մասին իր խօսքերուն համար, նշելով որ ինք կ՛ուզէ միասեռական ամուսնութիւնը խթանել։ Պենետիկտոսը իմանալով իմ մտածումս անոնց բացատրեց թէ ամուսնութիւնը խորհուրդ մըն է ու թէ կարելի չէ զայն մատակարարել միասեռականներուն բայց եւ այնպէս հարկաւոր էր այս անձերու իրավիճակին եւս երաշխաւորել քաղաքացիական պաշտպանութեան ձեւ մը։ Ան պաշտպանեց զիս...միշտ պաշտպանեց զիս» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ակնարկելով ապա գիրքերուն որոնք հրատարակուեցան Պենետիկտոս ԺԶ մահուaն օրերուն Ֆրանչիսկոս Պապը նշեց թէ այս մէկը իրեն մեծ ցաւ պատճառեց յատկապէս որովհետեւ իրականութիւնը չէին արտայայտէր։ Այս մէկը ցաւ պատճառեց տեսնելով որ Պենետիկտոսը չարաշահուեցաւ։ Գիրքը հրապարակուեցաւ թաղման օրը եւ ես այդ մէկը ապրեցայ որպէս ազնւութեան ու մարդկութեան պակաս։

Ի վերջոյ, Ֆրանչիսկոս Պապը Խավիէ Մարթինէս-Պրոքալին յայտնեց, որ ինք արդեն հրամայած է վերանայիլ պապական յուղարկաւորութեան կարգը՝ բացատրելով, որ Պենետիկտոս ԺԶ-ի թաղման հսկումի կարգը եղաւ վերջինը: Քահանայապետերը «պէտք է հսկել և թաղել, ինչպէս Եկեղեցւոյ որեւէ այլ զաւակ: Արժանապատիւ կերպով, ինչպէս որեւէ քրիստոնեայ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2024, 13:05