Որոնել

2024.04.20 S.E. il Signor Johnny Briceno, Primo Ministro del Belize

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Պելիզի Վարչապետը. Հաղորդագրութիւն

Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւններու ընթացքին, գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Պելիզի և Սուրբ Աթոռի միջև լաւ յարաբերութիւններուն համար։ Այնուհետև զրոյցը կենտրոնացաւ յատկապէս կաթողիկէ եկեղեցու յանձնառութեան վրայ` կրթական ոլորտէն ներս և գաղթականներուն յատկացուած ուշադրութեան համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր` շաբաթ 20 ապրիլ 2024ին, Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեցաւ Պելիզի Վարչապետ Տիար Ժոն Պրիչենիոն։ Ան ապա հանդիպում ունեցաւ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի հետ» լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ թէ «Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւններու ընթացքին, գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Պելիզի և Սուրբ Աթոռի միջև լաւ յարաբերութիւններուն համար։ Այնուհետև զրոյցը կենտրոնացաւ յատկապէս կաթողիկէ եկեղեցու յանձնառութեան վրայ` կրթական ոլորտէն ներս և գաղթականներուն յատկացուած ուշադրութեան համար։

Զրոյցներու նիւթ հանդիսացաւ նաեւ Երկրին մէջ առկայ սոցիալ-քաղաքական որոշ հարցեր՝ ընդգծելով այս ուղղութեամբ պելիզեան հասարակութեան մէջ առկայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ և քրիստոնէական արժէքներուն ներդրումը ի նպաստ բնակչութեան ընդհանուր բարօրութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2024, 12:16