Որոնել

2024.04.20 Comunità del Seminario di Sevilla

«Աւետարանի ուրախութիւնը փոխանցեցէք անոնց որոնց կը հանդիպիք» Քահանայապետը Սիվիլիայի նորընծաներուն

Քահանայապետը յայտնեց թէ հանդիպումը կը կայանայ կարեւոր մէկ օրուան նախօրէին. «Բարի Հովիւի կիրակիին, զոր պիտի նշենք վաղը» ըսաւ Ան ընդգծելով, թէ իրենք եւս կը պատրաստուին դառնալու հովիւներ` Քրիստոսի սրտին համաձայն...հոգ տանելով հոգեւոր կեանքին, ուսմունքին, հասարակական կեանքին ու առաքելական գործունէութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 20 ապրիլ 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր շարս այլ հանդիպումներու առաքելական պալատէն ներս ընդունեց նաեւ Սպանիայի Սիվիլիա քաղաքի նորընծաները, որոնք Սուրբ Պետրոսի դամբանին ուխտագնացութեամբ ժամանած էին Վատիկան։

Այս առիթով անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը յայտնեց, թէ հանդիպումը կը կայանայ կարեւոր մէկ օրուան նախօրէին. «Բարի Հովիւի կիրակիին, զոր պիտի նշենք վաղը» ըսաւ Ան, ընդգծելով, թէ իրենք եւս կը պատրաստուին դառնալու հովիւներ` Քրիստոսի սրտին համաձայն...հոգ տանելով հոգեւոր կեանքին, ուսմունքին, հասարակական կեանքին ու առաքելական գործունէութեան։

«Այս համապարփակումը անհրաժեշտ է, հրատապ, որպէսզի դառնաք կատարեալ քահանաներ ու պատասխանէք ընդունած կոչին, Աստուծոյ եւ եղբայրներուն ի սպաս լիակատար նուիրումին», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց որպէս տիպար ներկայացնելով սուրբ հովիւներ, ինչպէս Երանելի Կարդինալ Marcelo Spínola y Maestre-ն որ կ՛ըսէր. «Առաքինութիւնը և գիտութիւնը այն երկու բաներն են, որոնք պէտք է նախապատուութեամբ ուսուցանուին քահանայութեան ձգտողներուն, քանի որ գիտութիւնը առանց առաքինութեան կ՛ուռեցնէ բայց չի կերտեր , իսկ առաքինութիւնը առանց գիտութեան կը շէնցնէ, բայց չի դաստիարակեր»:

Այս կը նշանակէ, որ քահանայի մէջ ամէն ինչ - աղօթք, ուսմունք, եղբայրութիւն, առաքելութիւն- պէտք է իրար միանայ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ողջոյնի խօսքը աւարտեց խրատելով ներկաները լաւապէս օգտագործելու կազմաւորման այս շրջանը, իրենց սիրտը սեւեռելով Աստուծոյ, ձեռքերը բաց պահելով ու ժպիտը դէմքին, «որպէսզի Աւետարանի ուրախութիւնը փոխանցէք բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպիք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2024, 12:09