Որոնել

2024.04.03 Udienza Generale

«Աղօթենք ու անխոնջ աշխատինք, որպէսզի զէնքերը լռեն ու նորէն տիրէ խաղաղութիւնը»

Քահանայապետը յիշեց Ալեքսանտր անունով պատերազմի ընթացքին մահացած ուքրանացի երիտասարդ զինուոր մը ցոյց տալով անոր վարդարանը ու փոքրիկ աւետարանը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ցաւօք սրտի, Մերձաւոր Արևելքէն կը շարունակուին տխուր լուրեր հասնիլ: Ես անգամ մը եւս կ՛ուզեմ նորոգել իմ վճռական խնդրանքս, որպէսզի Կազայի հատուածին մէջ անյապաղ հաստատուի զինադադարը: Իմ խորին ափսոսանքը կը յայտնեմ Կազայի մէջ մարդասիրական օգնութիւն մատուցելու մէջ ներգրաւուած կամաւորներու սպանութեան համար։ Կ՛աղօթեմ անոնց ու անոնց ընտանիքներուն համար։ Կը նորոգեմ կոչս, որպէսզի այդ հիւծուած ու տառապող խաղաղ բնակչութեան թոյլ տրուի մարդասիրական օգնութեան հասանելիութիւնը, իսկ պատանդները անյապաղ ազատ արձակուին». Խօսքերն են ասոնք զոր Ֆրանչիսկոս Պապը արտասանեց չորեքշաբթի 3 ապրիլին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին կոչ ուղղելով նաեւ` « խուսափելու տարածաշրջանին մէջ հակամարտութիւնն ընդլայնելու ցանկացած անպատասխանատու փորձէն» ու հրաւիրելով` «աշխատիլ ապահովելու համար, որ այս և այլ պատերազմները, որոնք կը շարունակեն մահ ու տառապանք պատճառել աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ, աւարտին որքան հնարաւոր է արագ կերպով»։

«Աղօթենք ու անխոնջ աշխատինք, որպէսզի զէնքերը լռեն ու նորէն տիրէ խաղաղութիւնը» կոչ ուղղեց հուսկ Քահանայապետը հրաւիրելով նաեւ չմոռնալու մարտիրոս Ուքրանիան ուր կան բազմաթիւ մահեր ու նշելով, որ իր ձեռքերուն մէջ ունի վարդարան մը ու Նոր Կտակարանը, որոնք կը պատկանէին 23 ամեայ Ալեքսանտր անունով ուքրանացի երիտասարդ զինուորի մը, որ մահացաւ պատերազմի ընթացքին։

Ալեսսանտրոն կը կարդար Նոր Կտակարանը եւ սաղմոսերգուն եւ վերջինիս մէջ ընդգծած էր 129րդ սաղմոսը որ կ՛ըսէ. «Խորութիւններէն ես կ՛աղաղակեմ դէպի քեզ Տէր, Տէր լսէ իմ ձայնս»։

«Այս երիտասարդը մահացաւ Ավտիիքայի մէջ պատերազմի ժամանակ եւ ասիկա անոր վարդարանն է ու Նոր Կտակարանը, որ կը կարդար եւ կ՜աղօթէր» կրկնեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով լռութեան պահ մը պահել, յիշելու համար այդ երիտասարդը ու «անոր նման շատերը, որոնք մահացան այս պատերազմի խելագարութեան պատճառաւ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու անգամ մը եւս հաստատեց «Պատերազմը կը քանդէ միշտ։ Մտածենք անոնց մասին ու աղօթենք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2024, 10:42