Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Բամբասանքը մեծ վնաս կը հասցնէ կրօնական համայնքներուն

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Ploërmel-ի Քրիստոնէական դաստիարակութեան եղբայրներ» միաբանութեան անդամները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 22 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Ploërmel-ի Քրիստոնէական դաստիարակութեան եղբայրներ» միաբանութեան անդամները։ Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեց յիշեալ միաբանութեան անդամներուն, կրթութեան միջոցաւ մանուկները եւ երիտասարդները աւետարանելուն համար։

Ապա միաբանութեան հիմնադրութեան երկրորդ հարիւր ամեակի տարեդարձին ի տես, Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց, Միաբանութեան հիմնադիրները, Աստուծոյ ծառաներ, Ժան Մարի Տէ Լա Մեննէ եւ Հայր Կապրիէլ Տաշայէսը, նշելով որ անոնց առաքելութիւնը այսօր առկայ է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, «որովհետեւ անոնք հաւատացին, թէ ամէն ինչ կարելի է բոլոր անոնց համար, որոնք իրենք լիովին կը վստահին Տիրոջ եւ կը ծառայեն իւրաքանչիւր մարդու համապարփակ մարդկային զարգացման»։ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց միաբանութեան անդամները, աղքատ, պատերազմի եւ դժուարութիւններու մէջ գտնուող երկիրներուն մէջ դառնալու հայրերը, յոյսի աղբիւր ու օգնել մանուկներուն, որպէսզի անոնք ապրին իրենց երազները ու կարենան իրականացնել զանոնք։

«Պատերազմի երկիրներու մէջ մանուկները, նաեւ ռումբերու տակ կը խաղան։ Երբ այդ երկիրներու լուսանկարներուն կը նայինք կը տեսնենք մանուկները, որոնք կը խաղան։ Սակայն կայ բան մը, որ  զիս կը զարմացնէ, այն է երբ Ուքրանացի մանուկները Հռոմ կը փոխադրուին եւ հոն կ՝ապրին, այդ մանուկները չեն ժպտիր», ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով միաբանութեան անդամները աշխատելու, որպէսզի այդ մանուկները վերականգնեն ժպտելու կարողութիւնը։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ եկեղեցին ընտանիք մըն է եւ բոլորս անոր մէջ շնորհապարգեւներուն եւ կոչումներուն բազմազանութեամբ կը համագործակցինք յանուն փրկութեան։ Այս առումով քաջալերեց սերտօրէն գործակցելու թեմերուն միջեւ եւ հեռու մնալ հպարտութեան, բաժանումի եւ բամբասանքի ոգիէն։

«Բամբասանքը մեծ վնաս կը հասցնէ կրօնական համայնքներուն։ Կրօնաւորի կամ կրօնաւորուհին համար լաւ լուծում կ՝ըլլայ՝ լեզուն կտրել ամէն անգամ որ իր միտքը կու գայ ուրիշին մասին վատ խօսիլ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց Հայցելով Տիրամօր հովանին,  օրհնելով ներկաները, ինչպէս միշտ խնդրելով նաեւ,, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2024, 10:20