Որոնել

Սրբուհի Էլենա Կուերրա Սրբուհի Էլենա Կուերրա 

Եկեղեցին պիտի ունենայ նոր սրբուհի երանելի Էլէնա Կուէռան

Հրապակուեցան Սուրբերու դատի վերատեսչութեան, երանելի Էլէնա Կուէրայի սրբասդմամ եւ երեք Աստուծոյ ծառաներու. վերաբերող հրամանագիրերը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 12 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունելով Սուրբերու վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն, արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու Երանելի Էլէնա Կուէրայի սրբադասման եւ երեք Աստուծոյ ծառաներու վերաբերող հրամանագիրերը։

Սուրբ Պիտի հռչակուի, Իտալացի երանելի Էլէնա Կուէրան։ Ան եղած է հիմնադրուհին, Սրբուհի Զիթայի մայրապետներու միաբանութեան։ Երանելի Էլէնա ծնած է Իտալիոյ Լուքքա քաղաքը՝ 23 յունիս 1835ին, հոգին աւանդած իր ծննդավայրին մէջ 11 ապրիլ 1914ին։

Հրանագիրները կը վերաբերին, Աստուծոյ ծառայ Gaetano Clausellas Ballvé, եւ Աստուծոյ ծառայ Antonio Tort Reixachs նահատակութեան։ Աստուծոյ ծառայ Կաէթանօ, թեմական քահանայ մըն էր, ան ծնած էր Սպանիա 15 օգոստոս 1863ին եւ հաւատքի ատելութեամբ սպաննուած է 15 օգոստոս 1936ին, մինչ՝ Աստուծոյ ծառայ Անթոնիօ, եղած է ընտանիքի հայր աշխարական մը, ծնած Սպանիոյ Պարչելլոնա քաղաքը՝ 28 մարտ 1895ին, եւ հաւաքի ատելութեամբ սպաննուած է դեկտեմբեր 1936ին, Սպանիա։ Հրամանագիրը կը վերաբերի Աստուծոյ աղախին Թերեզա Լանֆրանքոյի մարտիրոսական առաքինութիւններուն։ Ան եղած է կրօնաւորուհի մաս կազնելով Սանթա Մարիա Տի Լէուքայի դուստրերու միաբանութեան։ Ծնած է 24 մարտ 1920ին Իտալիա եւ վախճանած է Հռոմի մէջ 1989ին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2024, 12:44