Որոնել

2024.01.21 Santa Messa in occasione della Domenica della Parola di Dio

«Որովհետեւ քու խօսքերուդ յուսացի». Աստուածային Խօսքի կիրակիին առթիւ Սուրբ Պատարագ

Կիրակի 26 Յունուար 2025ի առաւօտեան ժամը 9.30-ին Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը, որուն աւարտին բոլոր ներկաներուն պիտի յանձնէ Ղուկասի Աւետարանի նմուշը, ըստ նպատակին տարածելու համար Աստուծոյ Խօսքը։ Բացի այդ` արարողութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը քառասուն աշխարհական հաւատացեալներու պիտի շնորհէ դպրութեան ընթերցողի կարգը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յառաջիկայ Կիրակի 26 Յունուար 2025-ին կը յիշատակուի «Աստուածային Խօսքին» նուիրուած վեցերորդ Կիրակին։ Օր` որ հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ 30 Սեպտեմբեր 2019ին, իր «Aperuit Illis» Քահանայապետական ինքնագիր նամակով, որուն նպատակն է հետաքրքրութիւն հրահրել Սուրբ Գիրքի նկատմամբ եւ հաւատացեալներուն մէջ խթանել Աստուածաշունչի աւելի խոր հասկացողութիւնը։

Որովհետեւ քու խօսքերուդ յուսացի

Քահանայապետը վերոնշեալ ինքնագիր նամակին մէջ նշած էր, թէ «հաւատքը յառաջ կու գայ ունկնդրութենէն, եւ ունկնդրութիւնը կեդրոնացած է Քրիստոսի խօսքերուն վրայ» առ այդ հրատապ ու կարեւոր է, որ «հաւատացեալները յատուկ ուշադրութիւն վերապահեն Տիրոջ Խօսքի ունկնդրութեան, ըլլայ ծիսակատարութեան մէջ, ըլլայ աղօթքի ու անձնական խորհրդածութիւններուն մէջ»։

Ասկէ մեկնելով ու ընդառաջելով բազմաթիւ հաւատացեալներու խնդրանքին է որ Քահանայապետը որոշած էր հաստատել Աստուածային Խօսքին նուիրուած կիրակի մը, յորդոր ուղղելով բոլոր եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն, լաւապէս պատրաստելու այդ օրուան քարոզը, որպէսզի պատշաճ կերպով բացատրեն Սուրբ Գիրքին իմաստը, պարզ եւ ունկնդրողի ունակութեան համապատասխան ոճով, «որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը հասանելի ըլլայ բոլորի սրտին»։

Այս տարուան կարգախօսը քաղուած է Սաղմոսերգուէն (Սաղմ 119, 74). «Որովհետեւ քու խօսքերուդ յուսացի»։

Սուրբ պատարագ եւ դպրութեան կարգ

Կիրակի 26 Յունուար 2025ի առաւօտեան ժամը 9.30-ին Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը, որուն աւարտին բոլոր ներկաներուն պիտի յանձնէ Ղուկասի Աւետարանի նմուշը, ըստ նպատակին տարածելու համար Աստուծոյ Խօսքը։

Բացի այդ արարողութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը քառասուն աշխարհական հաւատացեալներու պիտի շնորհէ դպրութեան ընթերցողի կարգը։ Անոնցմէ չորսը Ալպնաիայէն են, երեքը Արժանթինէն, հինգը Աւստրիայէն, մէկը Պոլիվիայէն, չորսը Պրազիլէն, հինգը Ֆիլիփինեան կղզեխումբէն, մէկը Իսլանդայէն, վեցը Իտալիայէն, հինգը Մեքսիքաէն, մէկը Լեհաստանէն եւ հինգը Սլովենիայէն։ Արարողութեան ընթացքին անոնցմէ իւրաքանչիւրին պիտի յանձնուի Սուրբ Գիրգի օրինակ մը։

Աստուածային Խօսքի կիրակին նորոգումի կարեւոր առիթ 

Հաւատացեալներուն աճումին թիկունք կանգնելու ու Աստուծոյ Խօսքը խորացնելու միտումով Աւետարանութեան Վերատեսչութիւնը վեց լեզուներով ուղեցոյց մը տրամադրած է www.evangelizatio.va կայքիn վրայ, որպէս գործիք խթանելու համար Աստուածային Խօսքին հետ խոր հանդիպում մը, ուր ներառուած ենք նաեւ յօդուած եր, խորհրդածութիւններ պաշտամունքի աղօթքներ եւ հովուական ծառայութեան ի սպաս ցուցմունքներ։

«Աստուածային Խօսքի կիրակին կարեւոր առիթ է բոլոր քրիստոնեաներուն համար նորոգելու համար իրենց Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ու մտածականի յանձնառումը, որպէս հիմնական գործիք աճելու համար հաւատքի եւ հոգեւոր կեանքի մէջ ու նաեւ համայն աշխարհին համար յոյսի գործիք» կը կարդանք այս առիթով Աւետարանութեան Վերատեսչութեան կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2025, 10:30