Ուխտագնացութեան մէջ ամէնէ կարեւորը նպատակակէտ սահմանելն է եւ անոր հասնելու համար անհրաժեշտ բոլոր քայլերը կատարելը․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Հինգշաբթի՝ 23 Յունուարին, Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց «Automobile Club d’Italia - Իտալիոյ Ինքնաշարժի Ակումբի» (ACI) համադաշնութեան շուրջ 250 նախագահներուն եւ տնօրէններուն՝ Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս։
«ACI»ն իտալական հասարակական կազմակերպութիւն է, որ կ’իրականացնէ ինքնաշարժի աշխարհի ծիրէն ներս անհրաժեշտ գործունէութիւն՝ առաջարկելով ճանապարհային, տնտեսական, իրաւական, հարկային, ապահովագրական եւ անհրաժեշտ այլ աջակցութիւն։
Յոբելեանը հնարաւորութիւն է վերիմաստաւորելու սեփական կեանքի ուղին
«Յոբելենական Սուրբ Տարին կը խնդրէ մեզմէ ըլլալու յոյսի ուխտաւորներ»։ Ուխտագնացութիւնը ճամբորդութիւն է, որ կը պահանջէ յստակ նպատակակէտ սահմանել՝ եղբայրութեան եւ ուրախութեան նպատակակէտ, խուսափելով շեղումներէն եւ երկրորդական նպատակներու վրայ ժամանակ վատնելէն: Այդ ճանապարհորդութեան ընթացքին կարող են յառաջանալ դժուարութիւններ եւ շփոթութեան պահեր, բայց Յոբելեանը հնարաւորութիւն է վերիմաստաւորելու սեփական կեանքի ուղին՝ երբեք չյուսահատուելով, եւ միշտ նորէն սկսելով: Այս միտքը շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը վերոնշեալ պատուիրակութեան անդամներուն ուղղած իր պատգամին մէջ։
Իրազեկութեան բարձրացումը՝ կեանքը պաշտպանելու միջոց
Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց ապա հիմնական երկու բառեր` «կրթութիւն» եւ «շրջակայ միջավայր»:
Առաջինը՝ որպէս պատասխանատու վարքագծի եւ անվտանգութեան մշակոյթի խթանման գործիք՝ յատկապէս դպրոցներու մէջ: Կրթական ծրագրերը եւ իրազեկումը կարեւոր են պատասխանատու վարքագիծ որդեգրելու, կանոնները յարգելու եւ ճանապարհային պատահարներէն ու վտանգներէն խուսափելու համար: Հետեւաբար, Սրբազան Պապին յորդորն է շարունակել իրազեկութեան բարձրացման եւ վերապատրաստման յանձնառութիւնը՝ որպէս կեանքը պաշտպանելու միջոց:
Որդեգրել լայն տեսլական՝ շարժունակութիւնը կայուն եւ հասանելի դարձնելու բոլորին
«Շրջակայ միջավայր»ը երկրորդ բառն է եւ սերտօրէն կապուած է «կրթութեան» հետ: Փոխադրամիջոցներու աճող ներկայութիւնը, չվերականգնուող ուժանիւթի սպառումը եւ աղտոտուածութիւնը էական ազդեցութիւն ունին կեանքի որակի եւ մեր հասարակաց տունի վրայ: Հրատապ է ուստի, ըստ Նորին Սրբութեան, լրջօրէն անդրադառնալ այս մարտահրաւէրներուն՝ նպաստելով կայունութեան՝ դաշինքներու եւ համագործակցութիւններու միջոցաւ, միաժամանակ լայն տեսլական որդեգրելով շարժունակութիւնը կայուն եւ հասանելի դարձնելու բոլորի համար:
Իր պատգամի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտեց Համադաշնութեան՝ ի սպաս քաղաքացիներուն 120ամեայ յանձնառութիւնը եւ ներկաներուն վրայ հայցեց վարորդներու Սուրբ Հովանաւոր Ս․ Քրիստափորի օրհնութիւնը՝ խնդրելով չմոռնալ աղօթելու իրեն համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
