Որոնել

A general view shows the West Front of the U.S. Capitol building during snowfall in Washington

Ֆրանչիսկոս Պապին բարեմաղթական պատգամը Տոնալտ Թրամփին

«Ներշնչուելով ձեր երկրի իտէալներէն բոլորին համար ըլլալու հիւրընկալութեան եւ հնարաւորութիւններու երկիր, ես յոյս ունիմ, որ ձեր ղեկավարութեան ներքոյ Ամերիկայի ժողովուրդը կը բարգաւաճի և միշտ կը ձգտի կառուցել աւելի արդար հասարակութիւն, որտեղ տեղ չկայ ատելութեան, խտրականութեան կամ բացառումին» գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր Միացեալ Նահանգներուն մէջ տեղի կ՛ունենայ նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփի երդման արարողութիւնը, որուն կը մասնակցին մի քանի օտարերկրեայ բարձրաստիճան անձինք, որոնց շարքին Իտալիայի վարչապետ Ճորճա Մելոնին, Արժանթինի նախագահ Խավիէ Միլեյը և Չինաստանի փոխնախագահ Հան Չժենը

Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահի երթման այս արարողութեան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը անոր յղած է բարեմաղթական պատգամ մը, որուն մէջ ապահովեցուցած իր իր աղօթքները «որպէս Ամենակալ Աստուած անոր պարգեւէ իմաստութիւն, ուժ եւ պաշտպանութիւն, իր վեհ պարտականութիւնները կատարելուն մէջ»:

«Ներշնչուելով ձեր երկրի իտէալներէն բոլորին համար ըլլալու հիւրընկալութեան եւ հնարաւորութիւններու երկիր, ես յոյս ունիմ, որ ձեր ղեկավարութեան ներքոյ Ամերիկայի ժողովուրդը կը բարգաւաճի և միշտ կը ձգտի կառուցել աւելի արդար հասարակութիւն, որտեղ տեղ չկայ ատելութեան, խտրականութեան կամ բացառումին» գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով մարդկային ընտանիքին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ պատերազմի պատուհասին, որուն համար Աստուծմէ հայցած է որ «առաջնորդէ անոր ջանքերը` ժողովուրդներու միջեւ խթանելու համար խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը»։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտած է Նախագահին, անոր ընտանիքին ու ամերիկացի ժողովրդին վրայ հայցելով աստուածային առատ օրհնութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2025, 12:05