Ֆրանչիսկոս Պապ. Հաշտեցումը սիրտի պարտականութիւն է, պէտք է աջակցիլ դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շեշտ կը դնէ յարաբերութիւններու մէջ սիրտը դնելու կարեւորութեան վրայ՝ ի պատասխան Ճորճոյին՝ Հռոմէացի հօր մը նամակին, որ դժուար ժամանակ ապրեցաւ իր կնոջ հետ։ Քահանայապետը կը հաստատէ, որ միայն Քրիստոսի հետ միացած սիրտի միջոցաւ է, որ ընտանիքները կարող են խաղաղութիւն գտնել եւ բռնութիւնը կանխել։
«Սուրբ Պետրոսի հրապարակ» ամսաթերթին յղած նամակին մէջ Ճորճոն կը պատմէ իր կնոջ հետ բաժանումի ապրած դժուարութիւններուն մասին, որոնցմէ դուրս ելաւ չարը բարիի վերածելու ուրիշներուն համար, աշխատելով բարեփոխումներու ուղղութեամբ, որոնք կը պաշտպանեն զաւակները՝ երկու ծնողներուն հետ զգացական յարաբերութիւններ ունենալու իրաւունքները։
Ֆրանչիսկոս Պապ Ճորճոյին պատմութիւնը կը նկատէ «խաղաղութեան վկայութիւն մը ու կը հրաւիրէ խորհելու թէ ինչպէս բռնութիւնները, որ յաճախ արդարացուած են անձնական շահերով, կը վնասեն ընտանիքներուն։ Նորին Սրբութիւնը կը յանձնարարէ քրիստոնեայ համայնքները աջակցելու վիրաւորուած ընտանիքներուն եւ թոյլ չտար որ երեխաները դառնան ծնողաց միջեւ վէճերուն պատանդ։ Նորին Սրբութիւնը Կը յորդորէ խթանել սէր եւ ողորմած արդարութիւնը, խուսափելով վրէժխնդրութիւնէն եւ ոխութենէ, ստեղծել աջակցութեան ցանցեր որ չարը բարիի կը վերածէ։
«Սուրբ Պետրոսի հրապարակ» յունուար ամսուայ թերթին մէջ ամփոփուած են կարեւոր դէմքերուն խորհրդածութիւններ ինչպէս կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ գրող Սուզանն Թամարոյի գրութիւնները. որոնք վերաբերին հաւատքի եւ յոյսի նիւթերուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
