Որոնել

SCATTIDELGIORNO

Քահանայապետի առողջական պայմանները կը մնան բարդ բայց առանց նոր շնչառական տագնապի

Ֆրանչիսկոս Պապը արթուն է, կը շարունակուի թթուածինի կիրառումը, արեան արժէքները բարելաւման մէջ են շնորհիւ արեան տուչութեան, կայ նախնական և թեթև երիկամային անբաւարարութիւն, այսօր մասնակցեցաւ պատարագին
Ունկնդրէ Քահանայապետին հայող լուրերը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Ֆրանչիսկոս Պապին առողջական պայմանները կը մնան բարդ. Բայց եւ այնպէս երէկ գիշերուընէ ասդին առաւել շնչառական տագնապներ չունեցաւ։ Ան ունեցաւ երկու միաւոր խտացուած կարմիր արեան բջիջներու կիրառում՝ որոնք սատարեցին «էմոկլոպինի» արժէքի հաստատման։

Թրոմբոցիտոպենիան մնաց կայուն; Այնուամենայնիւ, որոշ արեան քնութիւններ ցոյց տուին նախնական, մեղմ, երիկամային անբաւարարութիւն, որ ներկայիս վերահսկումի տակ է։ Բարձր հոսքով թթուածնային դարմանումը կը շարունակուի ռնգային կանուլաներու միջոցաւ: Սրբազան Պապը կը շարունակէ արթուն մնալ եւ կողմնորոշուած։

Բուժական պատկերի բարդութիւնը և դեղորայքային դարմանումի որոշակի արձագանքին համար անհրաժեշտ սպասումը կը պահանջէ, որ կանխատեսումը մնայ զգուշաւոր վերապահութեամբ:

Առաւօտուն հիւանդանոցի տասներորդ յարկին վրայ իր յարկաբաժնին մէջ Սրբազան Պապը մասնակցեցաւ պատարագին անոնց հետ որոնք` այս հիւանդութեան օրերուն հոգ կը տանին իրեն։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը վերոնշեալ տեղեկութիւնը հրատարակեց 23 Փետրուարի երեկոյեան 19,15 ժամանակները

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2025, 19:27