Քահանայապետը Gemelli-ի մէջ, բուժարանային պայմաններու մեղմ բարելաւում
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
«Սրբազան Պապին բուժարանային պայմանները իրենց բարդութեան մէջ ցոյց կու տան փոքր բարելաւում։ Այսօր եւս ազմադիք շնչառական տագնապներ տեղի չունեցան։ Մի քանի հետազօտական քննութիւններ աւելի լաւ արդիւնք տուին։
Մեղմ երիկամային անբաւարարութեան քննարկումը մտահոգիչ չէ: Կը շարունակուի թթուածինի ներարկումը թէեւ թթուածինի հոսքի քանակը նուազեցաւ։ Բժիշկները ի տես դարմանական պատկերին, որպէս նախազգուշացան միջոց տակաւին կը պահպանեն զգուշաւոր կանխատեսումը:
Երեկոյեան Ան հեռաձայնեց Կազայի ժողովրդապետութեան իր հայրական մօտիկութիւնը արտայայտելու համար։ Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն կը յայտնէ համայն Աստուծոյ ժողովուրդին որ այս օրերուն համախմբուած է աղօթելու իր առողջութեան համար»։ Այս կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին 24 Փետրուարի երեկոյեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Ըստ տեղեկութիւններուն՝ Կազայի Սուրբ Ընտանիքի ծխական համայնքը տեսանիւթ մը ուղարկած էր, և Ֆրանչիսկոս Պապը հեռաձայնեց իր շնորհակալութիւնը յայտնելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
