Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Չկան բառեր իրենց զաւակը կորսնցնող ծնողքին անուն տալու համար

«Սուրբ Պետրոսի հրապարակ» ամսաթերթին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանած է Հռոմէացի Չինցիա անունով կնոջ մը, որ իր զաւակը կորսնցուցած ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով 21 տարեկանին։ Նամակին մէջ Քահանայապետը յիշած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը. «Չկայ չարիք մը որմէ Աստուած չկրնար աւելի մեծ բարիք քաղել»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Ոչ իսկ կան բառեր անուն տալու համար իրենց զաւակը կորսնցնող մօր մը կամ հօր մը։ Կին մը, որ իր ամուսինը կը կորսնցնէ այրի կին է։ Ամուսին մը, որ իր կինը կը կորսնցնէ այրի մարդ է։ Զաւակ մը, որ իր ծնողքը կը կորսնցնէ որբ է ։ Սակայն ծնողք մը, որ իր զաւակը կը կորսնցնէ կարելի չէ բառ մը գտնել։» Ֆրանչիսկոս Պապ այս տողերը գրած է «Սուրբ Պետրոսի հրապարակ» վերնագիրով ամսաթերթին մէջ՝ որ կը խմբագրուի Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոյին կողմէ եւ որուն մէջ կը քննարկուին հոգեւոր եւ մշակութային նիւթեր։

Հռոմէացի Չինցիա կնոջ ողբերգութիւնը, որ 21 տարեկան իր զաւակը կորսնցուց արկածի հետեւանքով Ֆրանչիսկոս Պապին սիրտին դպած է։ Վերոյիշեալ ամաթերթին մէջ տպուած  Ֆրանչիսկոս Պապ իր  նամակի մէջ գրած է « Յիսուս, որ կու լայ մեզի համար, մեր սիրտերուն մէջ պիտի մշակէ բոլոր պատասխանները, զոր կը փնտռենք» ու յիշած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ի խօսքը. «Չկայ չարիք մը որմէ Աստուած չկրնար մեծ բարիք քաղել»։ Քահանայապետը այս նամակը գրած է հիւանդանոց չմտնելէ առաջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2025, 11:17