Ֆրանչիսկոս Պապին առողջական պայմանները բարելաւուած են։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Ֆրանչիսկոս Պապին առողջական պայմանները՝ այսօր նոյնպէս կը հաստատուի որպէս բարելաւուած։ Այսօր Ան փոխարինեց բարձր հոսքով թթուածնային դարմանումը «վենիդիմակով»։ Հաշուի առնելով առողջական պատկերի բարդութիւնը՝ կանխատեսումը կարգաւորելու համար անհրաժեշտ են առողջական կայունութեան հետագայ օրեր։
Սրբազան Հայրը առաւօտը նուիրեց շնչառական թարմացումին փոխարինելով հանգիստի հետ, իսկ կէսօրէ ետք բնաբուժումէ ետք աղօթեց իրեն յատկացուած 10-րդ յարկը գտնուող մատրան մէջ, ընդունելով Սուրբ Հաղորդութիւնը ապա ժամանակ տրամադրեց աշխատանքային գործունէութեան»։
Այս մասին լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը՝ այսօր փետրուար 27ին, երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան վերաբերեալ, որ տասներկու օրէ ի վեր կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ։
Ըստ տեղեկութիւններուն Ֆրանչիսկոս Պապը դուրս կը գտնուի վտանգաւոր փուլէն, սակայն իրավիճակը կը մնայ բարդ եւ այդ պատճառով կանխատեսումները կը մնան վերապահուած։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
